Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փասատինայի Հայութիւնը Նշեց Իր Հոգեւոր Հովիւին՝ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Փեթոյեանի Քահանայութեան 20-Ամեակը

Փասատինայի Հայութիւնը Նշեց Իր Հոգեւոր Հովիւին՝ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Փեթոյեանի Քահանայութեան 20-Ամեակը

by MassisPost

Կիրակի, 9 Սեպտեմբեր 2018, պատմական օր մը եղաւ Փասատինայի եւ շրջակայքի հայութեան համար: Արդարեւ, այդ օր հանդիսաւոր զոյգ միջոցառումներով նշուեցաւ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ժրաջան հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւագ Քհնյ. Բեթոյեանի քահանայութեան 20 եւ հոգեւոր ծառայութեան 50 ամեակը: Զոյգ նախաձեռնութիւններուն կը նախագահէր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Ներկայ էին թեմական Խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, ինչպէս նաեւ քահանայ հայրեր եւ շրջանի տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Օրուան պատարագիչն էր մեծարեալը՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Բեթոյեան: Խուռներամ հաւատացեալներուն առջեւ խօսք առնելով Թեմիս Բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Բեթոյեանի աստուածահաճոյ կեանքն ու ժողովրդանուէր ծառայութիւնները իր եկեղեցիին ու հօտին: Առ ի գնահատութիւն իր քսանամեայ ծառայութեանց առաջնորդ Սրբազանը Տէր Սարգիսին նուիրեց խաչքար մը: Ան յուշանուէրներով պարգեւատրեց նաեւ երէցկին Թալինն ու անոնց միակ դուստրը Շնորհիկը (Կրէյս) արժանանալով ներկայ հարիւրաւոր հաւատացեալներու բուռն ծափահարութեանց:

 

fr sarkis-2

Պատասխան խօսքով հանդէս եկաւ յօբելեար հովիւ Տէր Սարգիս Աւ. քահանան: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Յովնան Սրբազանին եւ ապա յարեց. «Կոչուած եմ քարոզելու, ուսուցանելու եւ ապրելու քրիստոսասէր կեանք մը այն հաւատացեալներուն առջեւ, որոնք իմ հովանաւորութեան ներքեւ կը գտնուին: Շնորհակալութիւն վերաբերմունքին համար»:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եկեղեցւոյ կից Կիրակոս սրահին մէջ: Շուրջ 500 հոգիներ ներկայ եղան սոյն միջոցառումին: Տեղի չգոյութեան պատճառով շատեր դուրս մնացին: Տօնական մթնոլորտի ներքեւ կազմակերպիչ մարմնի անունով ներկաները ողջունեց Վահէ Սրկ. Չարխուտեան եւ հանդիսավարութեան համար բեմ հրաւիրեց Արմանտ Երջանեանը:

Թեմական Խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզեֆ Կանիմեան իր ելոյթին մէջ ջերմօրէն շնորհաւորեց Տէր Սարգիս Աւ. Քհնյ. Բեթոյեանը, անցնող քսան տարիներու հովուական ծառայութիւններու ու իրագործումներու, ինչպէս նաեւ 50-ամեայ նուիրումը եւ սպասարկութիւնը Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիէն ներս, մաղթելով քաջառողջ եւ երկար տարիներ:

fr sarkis-1Ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որուն մէջ կը ցոլացուի Տէր Սարգիսի համոզումներն ու սկզբունքները, նաեւ հայ մարդու հոգեւոր եւ ընկերային կեանքին նկատմամբ իր հաւատամքն ու սկզբունքները:

Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Բեթոյեան իր սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ Յովնան Սրբազանին, Պր. Ժ. Կանիմեանին, հոգեւոր հայրերուն, Ծխական Խորհուրդին, կազմակերպիչ մարմնին եւ բոլոր անոնց որոնք իրականացուցին այս յիշարժան հաւաքոյթը:

Փակման խօսքին մէջ Գեր. Տ. Յովնան Արք. հետեւեալ արտայայտութիւնն ունեցաւ յօբելեար Տէր Սարգիսին «Դուք Ձեր հովուական ծառայութիւնը փառաւոր կերպով արդարացուցիք ցուցաբերելով ձեր անսահման սէրը դէպի Աստուած, դէպի Մայր Հայրենքիեւ Սուրբ Էջմիածին, ուր բազմաթիւ անգամներ ուխտաւորներ տարած էք: Վարձքը կատար այս փառաւոր հանդիսութիւնը կազմակերպող ծխական խորհուրին: Մեր ամենաջերմ մաղթանքները Տէր Սարգիսին, երէցկին Թալինին եւ դուստրը Շնորհիկին (Կրէյս):

Սոյն ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր աղօթքով«, որմէ ետք ներկաները բաժնուեցան ոգեւորուած տօնական լաւագոյն տրամադրութիւններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment