Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ծանօթացման Երեկոյ եւ Ծնողական Հաւաք Յովսէփեան Վարժարանէն Ներս

Ծանօթացման Երեկոյ եւ Ծնողական Հաւաք Յովսէփեան Վարժարանէն Ներս

by MassisPost

Յովսէփեան վարժարանի տնօրէնութեան կազմակերպած Ծանօթացման երեկոն ու ծնողական հանդիպումը՝ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Օգոստոս 30-ի երեկոյան ժամը 6:30-ին:

Վերամուտի սեմին կազմակերպուած այս հաւաքին, ներկայ էին մեծ թիւով ծնողներ, որոնք եկած էին ծանօթանալու դպրոցի միջավայրին, դասարաններուն, ուսուցչական կազմին, առաւել 2018-2019 տարեշրջանի կրթական ու դաստիրակչական նոր ծրագիրներուն:

Մանկամսուրի վարիչ Արփի Դադուլեան Ժաժա, իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ծնողներուն, ներկայացուց ուսուցչական կազմի անդամները գնահատելով անոնց անձուէր նուիրումն ու զոհողութիւնը հայապահպանման ու դաստիրակչական սրբազան առաքելութեան մէջ: Ապա՝ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն որոնք ամրակուռ կամուրջ հանդիսանալով իրենց զաւակներու եւ դպրոցի միջեւ, կարողացած էին նպաստել մանկամսուրի բաժնի յառաջդիմութեան իր նոր յայտագիրներով եւ ծրագիրներով:

hovsep-1

Վարժարանիս տնօրէն Պր. Շահէ Մանկրեան ողջունելով ներկաները բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին ու պատասխանեց ծնողներու հարցերուն պարզելով անոնց ազդեցիկ դերը կրթական ընդհանուր գործընթացին մէջ:
Օրուայ հաւաքին խորհուրդը իմաստաւորելու նպատակաւ ներկայ էին պատուական հիւրեր ,որոնք հանդէս եկան յաջորդաբար բացայայտելու Յովսէփեանի մէջ ստեղծուած առողջ միջավայրին մասին ուր աշակերտը պիտի կարենայ հոգեկան հանգիստ ու զուարթ տրամադրութեամբ ամբողջացնել դպրոցական նոր տարեշրջանը:

Տիկ. Արփի առաջին հերթին հրաւիրեց քաղաքապետական խորհուրդի անդամուհի Margaret McAustin–ը : Ան իր հիացմունքը ցուցաբերեց [STEAM] (Science Technology Engineering Art Math) program-ի աննախընթաց իրագործման մասին որ կիրառկուեցաւ ամառնային դպրոցի ընթացքին, որուն մանրամասութիւններուն մասին բացատրութիւն տուաւ գիտութեան ուսուցչուհի [Steam teacher] Michelle Brownin նշելով թէ յիշեալ ծրագրի նպատակն է ներկայացնել աշակերտներուն կրթական արդի եւ դուրեկան ծրագիրներ որոնք կ’ընդգրկեն գիտութիւն, արհեստագիտութիւն, ճարտարապետութիւն արուեստ, եւ ուսուղութիւն: Առիթն ընծայելով մանուկներուն սորվիլ, ուսումնասիրել ու ստեղծագործել վստահելով իրենց մանկական իւրայատուկ երեւակայական ներաշխարհին՝ ոգեւորիչ, հետաքրքրական եւ հաճելի խաղերու միջոցաւ: Ուսուցչուհին ցուցադրեց աշակերտներու աշխատանքներէն ստեղծագործական նմուշներ, ի վկայութիւն թէ ծրագիրը կարողացած է արթնցնել մանուկներու հետաքրքրութիւնը քայլ պահելով աշխարհի գիտութեան արագահոս ընթացքին հետ:

hovsep-2

IDEALAB ընկերութեան Պիզնէսի զարգացման բաժնի փոխ նախագահ Alex Maleki գնահատելով դպրոցի կրթական ու դաստիրակչական արդի ծրագիրներու կիրառկումը յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:

Ետքը Տէր. Սարգիս Աւագ. Քահանայ Բէթոյեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Տիկ. Երան Մէլէլեան շնորհակալութիւն յայտնեցին մանկամսուրի վարիչին եւ ուսուցչական կազմին անխոնջ աշխատանքին եւ զոհողութեան խոստանալով հոգեպէս եւ բարոյապէս դպրոցի կողքին մնալ սատար հանդիսանալով Յովսէփեանի նուաճումին եւ վերելքին:

Տիկ. Արփի ծնողներուն հետ զրուցեց դպրոցի ներքին համակարգին եւ ապահովական օրէնքներու մասին ապա ընկերակցութեամբ հոգաբարձական կազմի անդամ եւ արհեստավարժ կրթական մշակ Տիկ. Գոհար Ճարլըքեանի պատասխանեց ծնողներուն հարցերուն:

Ծնողները «Գարուն» կաթնեղէն արտադրական ընկերութեան համեղ հիւրասիրութենը ճաշակելէ ետք բաւարարուած եւ ուրախ բաժնուեցան Յոսէփեան դպրոցի ընտանիքէն:
ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment