Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քոչարեանի Փաստաբաններն Ապօրինի կը Համարեն ՅՔԾ Որոշումը

Քոչարեանի Փաստաբաններն Ապօրինի կը Համարեն ՅՔԾ Որոշումը

by MassisPost

Սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանը ստորագրութիւն պիտի տայ երկրէն չբացակայելու համար, թէեւ, պաշտպանական կողմի պնդմամբ, Յատուկ քննչական ծառայութեան սահմանած այդ խափանման միջոցն ապօրինի է։ Այս մասին յայտարարած են Քոչարեանի փաստաբաններ Արամ Օրբելեանն ու Յովհաննէս Խուդոյեանը: Անոնց խօսքով՝ Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) քննիչի որոշմանն ամբողջութեամբ ծանօթանալէ ետք, իրենք այն պիտի բողոքարկեն դատախազութեան եւ դատարանի մօտ։

«Այսօր պաշտպանեալի հետ քննարկել ենք, որեւէ կերպ [քննութիւնը] խոչընդոտելու նպատակ չունենք, եթէ կարիք կը լինի, համապատասխան ստորագրութիւնը կը տրուի»,- լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Օրբելեանը: Փաստաբանները, սակայն, չեն յստակեցուցած՝ արդեօ՞ք Ռոպերթ Քոչարեանը քննչական մարմնին յանձնած է իր անձնագրերը․ «Թէեւ այդ հարցը նախաքննական գաղտնիք չէ, բայց հաշուի առնելով Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) սովորութիւնը՝ ցանկացած նման ինֆորմացիայի հոսք օգտագործել ոչ իրաւաչափ եղանակով, դրա մասին այս պահին կը լռենք»,- ըսած է փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեանը:

Այս տարուան 27 յուլիսին, սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանքով կալանաւորուած Ռոպերթ Քոչարեանը 20 օրէն ալ քիչ մնաց ճաղերու ետին․ 13 օգոստոսին, Վերաքննիչ դատարանի որոշմամբ, ան կալանքէն ազատ արձակուեցաւ: Օրեր առաջ երկրորդ նախագահը յայտարարեց բուժզննում անցնելու նպատակով Գերմանիա մեկնելու մտադրութեան մասին, սակայն Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ)  որոշեց արգիլել անոր՝ լքել երկիրը, Քոչարեանի նկատմամբ ստորագրութեամբ չհեռանալը որպէս նոր խափանման միջոց կիրառելով։ Վերջինիս փաստաբաններուն պնդմամբ՝ Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) այդ որոշումը տրամաբանօրէն կը հակասէ Վերաքննիչ դատարանի կայացուցած որոշման։

«Խափանման միջոցը վերացնելու մասին Վերաքննիչ դատարանի որոշումն ուժի մէջ մտնելու պահից անձը չունէր տեղաշարժուելու որեւէ սահմանափակում, այդ թուում նաեւ՝ արտասահման գնալու եւ վերադառնալու»,-  ըսած է Օրբելեանը:

Վերաքննիչ դատարանի յիշեալ որոշման դէմ դատախազութիւնն արդէն վճռաբեկ բողոք ներկայացուցած է։ Վճռաբեկ ատեան դիմած են նաեւ Քոչարեանի փաստաբանները: Բողոքները պիտի քննուին երեք ամսուան ընթացքին։ Արամ Օրբելեանի եւ Յովհաննէս Խուդոյեանի պնդմամբ՝ 2008-ի մարտի 1-ի արիւնալի իրադարձութիւններու ժամանակ սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանն ընդհանրապէս ապօրինի կերպով կ’ենթարկուի քրէական հետապնդման․ ըստ պաշտպաններուն՝ Վերաքննիչ դատարանի որոշումէն անմիջապէս ետք Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) պարտաւոր էր Ռոպերթ Քոչարեանի մասով կարճել քրէական գործը։

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) Մարտի 1-ի իրադարձութիւններու առանցքային դրուագներէն մէկուն վերաբերեալ նախօրէին նոր բացայայտման մասին յայտարարած է։ Իրաւապահներու պնդմամբ, ցուցարարները Ազատութեան հրապարակէն ցրելու «հակաօրինական գործողութեան» պատասխանատուութենէն խուսափելու համար՝ այն ժամանակուան բարձրաստիճան ոստիկանները կեղծ փաստաթուղթեր կազմած են այն մասին, թէ իբր 29 Փետրուարին Ազատութեան հրապարակի մէջ ռազմամթերքի առկայութեան ահազանգեր ստացած են։ Քոչարեանի ընդդիմախօսները վստահ են՝ բարձրաստիճան ոստիկանները այդ կատարած են անոր հրահանգով։ Երկրորդ նախագահի փաստաբանները, մինչդեռ, կը պնդեն՝ իրենց պաշտպանեալն այդ դրուագի հետ առնչութիւն չունի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment