Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին եւ Փաշինեան կը Հանդիպին Սեպտեմբեր 8-ին

Փութին եւ Փաշինեան կը Հանդիպին Սեպտեմբեր 8-ին

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Մոսկուայի մէջ, 8 Սեպտեմբերին: Այս մասին ռուսական «Իզվեսթիա» պարբերականին յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:

«Իզվեսթիա» թերթն ընդգծած է, որ վարչապետ ընտրուելէ ետք Նիկոլ Փաշինեանն արդէն երրորդ անգամն է, որ պիտի հանդիպի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ։ Առաջին անգամ անոնք հանդիպած էին 14 Մայիսին Սոչիի մէջ, Եւրասիական տնտեսական միութեան գագաթնաժողովի շրջագիծէն ներս: Երկրորդ հանդիպումը կայացած էր 13 Յուլիսին Մոսկուայի մէջ՝ ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան բացման արարողութեան ժամանակ։ Երկու հանդիպումներն ալ, ըստ էութեան, կարճատեւ էին, կայացած տարբեր հաւաքներու ժամանակ: Շաբաթ օր, 8 սեպտեմբերին սպասուող հանդիպումը, փաստօրէն, պիտի ըլլայ երկու երկիրներու ղեկավարներու առաջին լիարժէք գագաթնաժողովը:

Հանդիպման պաշտօնական օրակարգը դեռ կողմերը չեն հրապարակած, սակայն շատերը կը կանխատեսեն, որ առանցքային պիտի ըլլան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) շրջանակներուն մէջ Հայաստանի անդամակցութեան ու ստանձնած պարտաւորութիւններու հետ կապուած հարցերը:

Ըստ որոշ դիտարկումներու, Փաշինեան-Փութին յառաջիկայ հանդիպման կրնայ անդրադարձ կատարուիլ նաեւ ՀԱՊԿ-ին Արտրպէյճանի հնարաւոր անդամակցութեան հարցին: Նման հեռանկարի մասին վերջերս յայտարարած էր Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի իրաւական հարցերով յանձնաժողովի ղեկավար Ալի Հուսէինլին: Վերջինս ըսած էր, թէ եկած է ժամանակը, որ Ատրպէյճանը քննարկէ ՀԱՊԿ-ին միանալու կամ գոնէ կազմակերպութեան մէջ դիտորդի կարգավիճակ ստանալու հարցը։

Փաշինեան-Փութին յառաջիկայ հանդիպման նախորդած են Փութին-Ալիեւ՝ Սոչիի մէջ 1 շաբաթ առաջ իրականացուած բանակցութիւնները, որոնց արդիւնքով ստորագրուած են տնտեսական համագործակցութեան խորացմանն ուղղուած  շարք մը համաձայնագրեր։ Անդրադարձ եղած էր նաեւ ԼՂ խնդրին: Նախագահներու երկկողմ հանդիպման յաջորդած համատեղ ասուլիսին Ալիեւը յիշեցուցած էր, որ վերջին տարիներուն Ատրպէյճանը Ռուսաստանէն շուրջ հինգ միլիառ տոլարի սպառազինութիւն գնած է, եւ համագործակցութիւնն այդ ոլորտէն ներս կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment