Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հիւսիս-Հարաւ» Ճանապարհի Ծրագրեն 23,5 Միլիառ Դրամի Վնասի Բացայայտում

«Հիւսիս-Հարաւ» Ճանապարհի Ծրագրեն 23,5 Միլիառ Դրամի Վնասի Բացայայտում

by MassisPost

ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը ստացած է «Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցք» ծրագրի վերաբերեալ ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան ներկայացուցած տեղեկանքը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ դատախազութեան հանրային կապերու բաժինը:

Վերջինիս, ինչպէս նաեւ ատոր վերաբերեալ պահանջուած լրացուցիչ այլ փաստաթուղթերու  համակողմանի ուսումնասիրութեան արդիւնքով պարզուած է, որ «Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցք» ծրագրի մշակման եւ իրագործման գործընթացին մէջ ներգրաւուած պաշտօնատար անձիք, 2009-2018 թուականներու ընթացքին, առանց հիմնաւորումներու եւ բաւարար հետազօտութեան, բազմաթիւ անգամ անհարկի փոփոխելով Ծրագրի իրականացման համար կնքուած խորհրդատուական ծառայութիւններու մատուցման ու կապալի պայմանագիրները, ատոնց մէջ ներառած են անարդիւնաւէտ եւ չհիմնաւորուած աշխատանքներ, կատարման ընդունած են ակնյայտ թերութիւններով կազմուած նախագծային-նախահաշուային փաստաթուղթեր:

Բացի ատկէ, ծրագրի մշակման եւ իրագործման գործընթացին մէջ ներգրաւուած պաշտօնատար անձիք անհիմն, առանց վնասները գանձելու, համաձայնած են երկարաձգել շինարարութեան եւ խորհրդատուական ծառայութիւններու մատուցման ժամկէտները: Առանձին պարագաներու խորհրդատուական ծառայութիւններու մատուցման պայմանագիրներու մէջ սահմանելով ծառայութիւններու` իրաւական գործերով հաստատուած առաւելագոյն չափէն կրկնակի անգամ աւելի գին` նշուած պայմանագիրներու գինի եւ բովանդակութեան մէջ յետագային անհարկի եւ անհիմն փոփոխութիւններ կատարելով բարձրացուցած են գիները, իսկ մատուցուող ծառայութիւններու մէջ ընդգրկած են ոչ անհրաժեշտ եւ կրկնուող աշխատանքներ: Արդիւնքով խորհրդատուական ընկերութիւններուն վճարուած են սահմանուածէն  աւելի գումարներ:

Նաեւ` միջոցներ չեն ձեռնարկուած շինանիւթի, մասնաւորապէս` թրծաշաղախի բաղադրութեան եւ որակի չափորոշիչներուն ու օրինաչափութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ աշխատանքներու կատարման նկատմամբ ընթացիկ, ամենօրեայ հսկողութեան իրականացումը ապահովելու ուղղութեամբ: Արդիւնքով կապալի պայմանագրի փոփոխութիւններու համաձայնագրին մէջ շինարարական աշխատանքներու եւ թրծաշաղախեայ ծածկոյթի ակնյայտ թերութիւնները արձանագրելով հանդերձ` շահագործման ընդունուած են Տրանշ 1-ի Երեւան-Արտաշատ ու Երեւան-Աշտարակ հատուածները:

Այդպիսով ծրագրի ակնյայտ անարդիւնաւէտ կառավարումը թաքցնելու, ՀՀ կառավարութեան 2010-ի Յունուար 14-ի 14-Ա որոշմամբ հաստատուած նպատակներուն ու խնդիրներուն համահունչ ծրագիրը կամ ատոր մէկ մասը իրականացնելու պատրանք ստեղծելու նպատակով` ծրագրի մշակման եւ իրագործման գործընթացին մէջ ներգրաւուած պաշտօնատար անձիք իրենց պաշտօնէական դիրքը օգտագործած են ծառայութեան շահերուն հակառակ, չեն կատարած ծառայողական պարտականութիւնները` անզգուշութեամբ յառաջացնելով ծանր հետեւանքներ: Մասնաւորապէս` բացի այն, որ շուրջ 9 տարի, նախատեսուած ժամկէտներու խախտմամբ, չեն աւարտած Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհի կառուցման աշխատանքները եւ չեն իրականացուած ծրագիրով քաղաքացիներու, հասարակութեան եւ պետութեան համար ակնկալուող նպատակներն ու արդիւնքները` կապուած  երթեւեկութեան ժամկէտի կրճատման, անվտանգ, որակեալ եւ արագընթաց ճանապարհով Հայաստանի հարաւը հիւսիսին կապելու, տնտեսութեան, գործարար կապերու զարգացման խթանելու հետ, նաեւ գոյքային առումով պետութեան օրինական շահերուն պատճառուած է 23.553.817.000 ՀՀ դրամի չափով վնաս:

Նկատի առնելով, որ ուսումնասիրութեան արդիւնքով առերեւոյթ ի յայտ բերուած են պաշտօնատար անձի կողմէ  պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ անզգուշութեամբ ծանր վնաս հասցնելու յանցագործութեան յատկանիշներ պարունակող տուեալներ` ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան աւագ դատախազի որոշումով ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասով յարուցուած է քրէական գործ: 16 հատոր կազմող քրէական գործը ուղարկուած է ՀՀ քննչական կոմիտէ` նախաքննութիւն կատարելու յանձնարարութեամբ:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment