Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տարուան Առաջին Կիսամեակին Օտարերկրեայ Ուղղակի Ներդրումներու Ծաւալը Աճած է

Տարուան Առաջին Կիսամեակին Օտարերկրեայ Ուղղակի Ներդրումներու Ծաւալը Աճած է

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսութեան մէջ կատարուած օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումները նկատելիօրէն աճած են: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, այս տարուան առաջին կիսամեակին տնտեսութեան իրական հատուածին մէջ եղած օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներու ծաւալը գրեթէ 2,5 անգամ աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուած ցուցանիշին համեմատ:

2018 թուականի Յունուար-Յունիսին իրական հատուածին մէջ եղած օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումները կազմած են 39 միլիառ 196 միլիոն դրամ կամ 81,3 միլիոն տոլար: 2017 թուականի Յունուար-Յունիսին ներդրումները կազմած էին 15 միլիառ 844 միլիոն դրամ կամ 32,6 միլիոն տոլար: Տնտեսագէտ, «Հայ ազգային քոնկրէսի» ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեանի կարծիքով, օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներու աճը կը վկայէ, որ գործարար հանրութիւնը ոչ միայն դրական արձագանգած է հայաստանեան յեղափոխութեան, այլեւ կը վստահի նոր կառավարութեան:

«Այս թուերը նշանակում են, որ քաղաքական իրադարձութիւնների [բացասական] ազդեցութիւնը ներդրումների վրայ էական չի եղել, ինչպէս սովորաբար լինում է»,- «Ազատութեան» ըսած է Վահագն Խաչատրեանը: Վերջինիս խօսքով, սակայն, կիսամեակի համար ներդրումներու՝ 80 միլիոն տոլարը քիչ մը գերազանցող ծաւալը շատ քիչ է անգամ Հայաստանի տնտեսութեան համար: «Դա ոչինչ է, եթէ անգամ տարեկան կտրուածքով դա կազմի 300 միլիոն տոլար: Մեր հարեւաններից մէկի մօտ 1 միլիառ 200 միլիոն տոլար են կազմել ներդրումները, միւսի մօտ՝ 2,5 միլիառ տոլար: Բայց հաշուի առնելով, որ մեզ մօտ միտումը բացասական չէ, կարող ենք ասել, որ գոնէ դրական ինչ-որ բան ունենք»,- ըսած է տնտեսագէտը:

Ան յոյս յայտնած է, որ այն բարեփոխումները, որ կը փորձէ կեանքի կոչել Հայաստանի նոր կառավարութիւնը, յառաջիկային կու տան իրենց արդիւնքը, եւ երկիրը կը ստանայ աւելի լուրջ ծաւալի ներդրումներ.  «Այդ փոփոխութիւնները, զուտ մասնագիտական, ոչ քաղաքական առումով, շատ գրաւիչ են եւ ներդրողներին հետաքրքրող, բայց ներդրումները սիրում են կայունութիւն, գալիս են այնտեղ, որտեղ հարկերը ցածր են, որտեղ կան խելամիտ օրէնքներ: Յոյս ունենանք, որ Հարկային օրէնսգրքի փոփոխութիւնները գրաւիչ կը դարձնեն Հայաստանը ներդրողների համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment