Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Շանթ Յարութիւնեանը Ազատ Կ’արձակուի, Եթէ Ստորագրէ Որոշ Փաստաթուղթեր. Վարչապետի Խօսնակ

Շանթ Յարութիւնեանը Ազատ Կ’արձակուի, Եթէ Ստորագրէ Որոշ Փաստաթուղթեր. Վարչապետի Խօսնակ

by MassisPost

Շանթ Յարութիւնեանը եւ խումբը ազատ արձակելու հարցին մէջ կառավարութեան ունեցած միակ օրինական լծակը կալանքի ռեժիմը փոխելն է: Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ խօսնակ Արման Եղոյեանը՝ անդրադառնալով 5 տարի առաջ «արժէքների յեղափոխութեան» դուրս եկած եւ խուլիկանութեան մեղադրանքով 6 տարուան ազատազրկման դատապարտուած Շանթ Յարութիւնեանի հարցին:

Շանթ Յարութիւնեանի որդին, Շահէն Յարութիւնեանը, «Ֆէյսպուքի» ուղիղ եթերին ժամանակ պնդած էր, թէ նոր իշխանութիւնը պատշաճ ուշադրութիւն չի դարձներ իր հօր գործին: Մինչդեռ, վարչապետի մամլոյ քարտուղարի խօսքով՝ վարչապետ ընտրուելու առաջին իսկ օրերէն Նիկոլ Փաշինեանը զբաղուած է այդ հարցով:

«Կայացուել է որոշում Շանթ Յարութիւնեանի, նրա գործով դատապարտուած Վարդան Վարդանեանի եւ Լիպարիտ Պետրոսեանի պահման պայմանները փոխել կիսաբացից բաց ռեժիմի, այնպէս, որ նրանք փաստացի լինեն ազատութեան մէջ, ինչից օգտուել են Վարդան Վարդանեանը եւ Լիպարիտ Պետրոսեանը: Շանթ Յարութիւնեանը հրաժարուել է նման որոշմամբ դուրս գալ բանտից՝ պահանջելով իրեն արդարացնել»,  գրած է Եղոյեանը:

Մի քանի օր առաջ Փաշինեանին նամակ յղած Շահէն Յարութիւնեանը, սակայն, կը կարեւորէ «հօրը արժանապատուութեամբ ազատ արձակելու» պայմանը: Աւելին՝ Շահէնի պնդմամբ՝ իր հօրն ընդհանրապէս ոչ մէկ առաջարկ չէ եղած: Վարչապետի խօսնակն ընդգծած է՝ վարչապետը չի կրնար դատարաններուն հրահանգ արձակել, որովհետեւ այդ նախորդ իշխանութեան գործելակերպի շարունակութիւնը կ’ըլլայ, եւ Շանթ Յարութիւնեանէն խնդրած է ստորագրել փաստաթուղթերը, դուրս գալ բանտէն ու ազատութեան պայմաններուն մէջ պայքարել արդարացման համար:

Անդրադառնալով դատական համակարգին վրայ ճնշում գործադրելու հետ կապուած հարցին, Շահէն Յարութիւնեանը հակադարձած է՝ դատախազութիւնը եւ Փաշինեանը տարբեր դիրքորոշումներ ունեցած են իր հօր կարգավիճակի վերաբերեալ:

Շահէն Յարութիւնեանը նաեւ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին ըրած գրառմամբ արձագանգած է վարչապետի խօսնակ Արման Եղոյեանին՝ իր ձեւակերպմամբ՝ «ամբոխավար պատասխանին»:  Շահէնը, մասնաւորապէս, գրած է․ «Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած՝ պատժի կրման փոփոխութիւնն առաջարկել է նաեւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը: Այսինքն թէ՛ Սերժ Սարգսեանի, թէ՛ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնները նոյն վերաբերմունքն ունեն Շանթ Յարութիւնեանի հարցում»:

Շահէն Յարութիւնեանը նաեւ նշած է, թէ Շանթ Յարութիւնեանը չպիտի ներման միջոցով ազատ արձակուի, ներուի այն բանի համար, որ հայհոյած է տասնամեակներ շարունակ ժողովրդին հայհոյողներուն: Նաեւ հարց բարձրացուցած է՝ ինչպէ՞ս կարելի է պատժի մեղմացումը ներկայացնել՝ որպէս ազատութիւն:

Շանթ Յարութիւնեանի փաստաբան Ինեսսա Պետրոսեանն «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ նոր ստեղծուած իրավիճակին մէջ վարչապետ Փաշինեանը կրնայ հրաւիրել գլխաւոր դատախազի ուշադրութիւնն այս խնդրին վրայ, ինչն ալ դատախազութեան համար հիմք կը հանդիսանայ՝ բողոք ներկայացնելու վերաքննիչ ատեան՝ վճիռը բեկանելու եւ այս գործով բոլոր դատապարտուածները արդարացնելու համար: Ըստ անոր, այդ ոչ մէկ կերպ կարելի չէ դիտարկել որպէս ճնշում դատարաններուն վրայ:

Ի դէպ, Շանթ Յարութիւնեանի որդին վերջնաժամկէտ  նշած է՝ մինչեւ 7 Հոկտեմբերը․ եթէ հօրը մինչ այդ չազատեն՝ անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցեր պիտի իրականացնէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment