Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանը Պաշտպանութեան Նախկին Նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը Պիտի Չարտայանձնէ Հայաստանին

Ռուսաստանը Պաշտպանութեան Նախկին Նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը Պիտի Չարտայանձնէ Հայաստանին

by MassisPost

Մոսկուան Երեւանէն պաշտօնական դիմում ստացած է՝ 2008 –ի Մարտի 1-ի դէպքերու քրէական գործով Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու միջպետական որոնման մէջ գտնուող Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի յանձնման վերաբերեալ: Այս մասին յայտնած է «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը։

«ՌԴ իրաւապահ մարմինները Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը արտայանձնելու մասին հարցում ստացած է, եւ այժմ այն կը գտնուի քննարկման փուլի մէջ»,- ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը։

«Նախնական որոշում կայացուած է, որ արտայանձնումը պիտի մերժուի, քանի որ հաստատուած է, որ 2002 թուականէն Միքայէլ Յարութիւնեանն ունի ռուսական անձնագիր»,- յայտնած է աղբիւրը՝ յիշեցնելով, որ Սահմանադրութեան համաձայն, Ռուսաստանի քաղաքացիները չեն արտահանուիր օտարերկրեայ պետութիւններ, այդ շարքին, քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը դեռ տուեալներ չունի ՌԴ-ի մէջ կամ որեւէ այլ տեղ Միքայէլ Յարութիւնեանը յայտնաբերելու մասին: Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը։

«Հաշուի առնելով, որ մի քանի լրատուամիջոցներ մեզ են դիմել միեւնոյն հարցով՝ կապուած «Ինթըրֆաքս» գործակալութեան այսօրուան՝ անանուն աղբիւրներին կատարուած յղումով հրապարակման հետ՝ առ այն, որ հայկական կողմը պաշտօնապէս ՌԴ իրաւապահ մարմիններին է դիմել 2008թ. Մարտի 1-2-ին Երեւան քաղաքում կատարուած իրադարձութիւնների կապակցութեամբ յարուցուած քրէական գործի շրջանակում հետախուզման մէջ գտնուող Միքայէլ Յարութիւնեանին յանձնելու հարցով, տեղեկացնում եմ հետեւեալի մասին:

ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը դեռեւս տուեալներ չունի ՌԴ-ում կամ որեւէ այլ տեղ Միքայէլ Յարութիւնեանին յայտնաբերելու մասին: Հետեւաբար նման պայմաններում  նշուած անձին յանձնելու հետ կապուած որեւէ միջնորդութիւն ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնից չէր կարող ներկայացուել:

Այնուամենայնիւ, հարկ է նշել, որ անձի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուելու դէպքում դրա մասին, օրէնքով, ինչպէս նաեւ համապատասխան միջազգային աքթերով սահմանուած ընթացակարգերով տեղեկացուում է բոլոր այն երկրների իրաւասու մարմիններին, որոնք ՀՀ-ի հետ գտնուում են համապատասխան , յարաբերութիւնների մէջ»,- յայտարարած է Աբրահամեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment