Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատասխան Գրութիւն «Ուաշինկթըն Թայմզ» Թերթի Ապատեղեկատուութեան

Պատասխան Գրութիւն «Ուաշինկթըն Թայմզ» Թերթի Ապատեղեկատուութեան

by MassisPost

Ամերիկեան «Ուաշինկթըն Թայմզ» թերթը, Օգոստոս 28-ին հրատարակած է յօդուած մը, Լ. Թատտ Վուտի ստորագրութեամբ՝   «Նիկոլ Փաշինեանի Վենտեթան եւ Օրէնքի Գերակայութեան Վերացումը» խորագրին տակ: https://amp.washingtontimes.com/news/2018/aug/27/armenias-nikol-pashinyan-vendetta-undoing-rule-law/

«Ուաշինկթըն Թայմզ» ծանօթ է որպէս  Ամերիկեան պահպանողական շրջանակներու բանբեր,  որ նաեւ կը նկատուի  թրքական վարձու լոպպիստական կազմակերպութիւններուն մօտ հրատարակութիւն:

Յօդուածը Ռոբերդ քոչարեանի պաշտպանութեան եւ արդարացման փորձ մըն է, մեղադրելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վրէժխնդրութեան մէջ:

ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան  Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը, համացանցի վրայ յօդուածի տարածումէն անմիջապէս ետք, բողոքի պատասխան նամակ մը  յղած է թերթի խմբագրութեան՝ «Ժողովրդավարութեան խթանում կեղծ լուրերու ժամանակաշրջանին» խորագրին տակ:

«Հակառակ  վարչապետ Փաշինեանի վենտեթայի մասին  Վուտի կարծիքին,  նախկին նախագահ Ռոբերդ Քոչարեան   օրինականօրէն ձերբակալուած է 2008 թ. Մարտի 1-ին՝ խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ իր անօրինական գործողութիւններուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան շրջանցման համար:

«Վարչապետ Փաշինեանի պայքարը քրէաօլիկարխներու դէմ  պէտք չէ քննադատուի: Այդ է ուղղութիւնը, որուն կը ձեռնարկէ  որեւէ ժողովրդավարական պետութիւն, որ շահագրգռուած է առաջընթացի եւ լաւ կառավարման խթանմամբ:

«Վարչապետ Փաշինեանի կառավարութիւնը պէտք է բարձր գնահատուի   նախկին պաշտօնեաներու կողմէ յանցագործութիւններու հետաքննութեան   համար, եւ այլ երկիրներու առաջնորդները պէտք է հետեւին անոր օրինակին, եթէ անոնք եւս կողմ են ժողովրդավարական հասարակութիւններու պահպանման, որտեղ յանցագործները պատասխանատուութեան կ’ենթարկուին  իրենց գործած արարքներուն համար՝ անկախ անոնց  պետական  եւ կամ պիզնէսի բարձր պաշտօններէն:

«Ի վերջոյ, վարչապետ Փաշինեան եւ անոր կառավարութիւնը, ի տարբերութիւն Քոչարեանի, առիթ տուած են, որ քննութիւնը եւ դատավարութիւնը շարունակուին անարգել: Հայաստանի Վերաքննիչ դատարանի կողմէ 2018 թ. Օգոստոսի 13-ին բեկանուած է Քոչարեանի ձերբակալման թոյլտուութեան որոշումը՝ Յուլիսի 27-ի առաջին դատարանին կողմէ: Այժմ երկու կողմերը դիմած են Հայաստանի Վճռաբեկ դատարան, Հայաստանի քրէական եւ վարչական արդարադատութեան բարձրագոյն  մարմին, խնդրի լուծման համար: Այս երեւոյթը ոչ միայն անհնար  էր, այլեւ  չլսուած Քոչարեանի վարչակարգի ժամանակ:

«Ակնյայտ է, որ Վուտի միամիտ ենթադրութիւնները՝ Հայաստանի խաղաղ յեղափոխութեան  առաջնորդ Փաշինեանի նկատմամբ, հիմնուած են փաստերու պակասի վրայ եւ փոխարէնը՝ առաջնորդուած են կեղծ քարոզչութեամբ:

«Ցաւալի է, որ  «Ուաշինկթըն Թայմզ» որոշած է հրապարակել նման բորբոքիչ եւ մեղադրական յօդուած մը, որը հիմնուած է սխալ կարծիքի վրայ»,. յատկապէս ըսուած է ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի բողոքի գրութեան մէջ:

«ՄԱՍԻՍ ՓՈՍԹ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment