Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Հանդիպած է Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուած Զինծառայողներու Ընտանիքներու Անդամներուն Հետ

Փաշինեան Հանդիպած է Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուած Զինծառայողներու Ընտանիքներու Անդամներուն Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է 2016 թուականի ապրիլեան  քառօրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամները եւ լսած անոնց բարձրացուցած խնդիրներն ու մտահոգութիւնները: Այս մասին յայտնած են կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն:

«Ինձ համար պատիւ է ձեզ հետ հանդիպելը: Ուզում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովրդի անունից շնորհակալութիւն յայտնել ձեզ՝ ձեր զաւակների հերոսութեան եւ անձնազոհութեան համար: Հաւատում եմ, որ նրանց  պահուածքը, խիզախութիւնն առաջին հերթին դաստիարակուել է ընտանիքում: Անկեղծ ասած, նախատեսում էի աւելի շուտ հանդիպել ձեզ, բայց ուզում էի նաեւ հանդիպումը յետաձգել, որպէսզի ինչ-որ սփոփող որոշում կայացուած լինէր, որից յետոյ  այս հանդիպումը տեղի ունենար: Այդ որոշումը կայացուեց երկու շաբաթ առաջ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ խօսքը կը վերաբերի Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի շահառուներուն թիւի ընդլայնման, ինչը հնարաւորութիւն պիտի տայ աջակցութիւն ստանալ նաեւ 2015 թուականի Յունուարէն ետք տեղի ունեցած դէպքերու հետեւանքով հաշմանդամութիւն ստացած անձերու եւ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն:

«Սա նշանակում է, որ ապրիլեան պատերազմի զոհերի ընտանիքները, հաշմանդամութիւն ստացած անձինք նոյնպէս պետական շարունակական աջակցութիւն կը ստանան: Յոյս ունենք, որ դա ինչ-որ չափով  կը թեթեւացնի ձեր հոգսերը: Իհարկէ, անսփոփելի է այն վիշտը, որ դուք հիմա կրում էք: Սա զուտ ֆինանսական խնդիր չէ, սա շատ կարեւոր բարոյական խնդիր է, որպէսզի հանրութիւնը եւ պետութիւնը ցոյց տան, որ կանգնած են հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած կամ հաշմանդամութիւն ստացած անձանց եւ նրանց ընտանիքների, հարազատների կողքին»,- ըսած է վարչապետը:

Զոհուած զինծառայողներու ծնողները  շնորհակալութիւն յայտնած են վարչապետին ընդունելու եւ իրենց խնդիրները լսելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment