Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն Աշխատանքային Այցով Մեկնած է Արցախ

Պաշտպանութեան Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն Աշխատանքային Այցով Մեկնած է Արցախ

by MassisPost

Հայկական երկու Հանրապետութիւններու զինուած ուժերու փոխգործակցութեան շրջածիրէն ներս 13  Օգոստոսին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն աշխատանքային այցով  մեկնած  է Արցախ։ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը, Արցախի պաշտպանութեան նախարարի ուղեկցութեամբ, եղած է հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, ներկայ գտնուած է բանակային ուսումնական տարուան 2-րդ կիսամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր միջոցառման։

Շնորհակալութիւն յայտնելով անձնակազմին գերազանց ծառայութեան եւ նախորդ կիսամեակի ընթացքին ցուցաբերած բարձր ցուցանիշներուն համար, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը  մատնանշած է այն խնդիրներու համալիրը, որուն վրայ պէտք է յատկապէս ուշադրութիւն դարձնել արդէն մեկնարկած նոր ուսումնաշրջանին` շեշտը դնելով գիտելիքներու եւ հմտութիւններու կատարելագործմանն ուղղուած գործընթացներուն վրայ: Ուսումնական նոր փուլի  մեկնարկին նուիրուած միջոցառումը եզրափակուած է զինուորական անձնակազմի հանդիսաւոր երթով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment