Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Վերաքննիչ Քրէական Դատարանը Ռոպերթ Քոչարեանին Ազատ Արձակեց

ՀՀ Վերաքննիչ Քրէական Դատարանը Ռոպերթ Քոչարեանին Ազատ Արձակեց

by MassisPost

ՀՀ Վերաքննիչ քրէական դատարանը, դատաւոր Ալեքսանտր Ազարեանի նախագահութեամբ, հրապարակած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու հարցով որոշումը։

Փաստաբան Ռուբէն Սահակեանը լրագրողներուն յայտնած է, որ դատարանը որոշած է բաւարարել փաստաբաններուն բողոքը եւ վերացնել առաջին ատեանի դատարանի որոշումը, հաշուի առնելով, որ երկրորդ նախագահը անձեռնմխելի է։

Ան օգտուած է անձեռնմխելիութեան իրաւունքէն. «Դատարանը բաւարարում է փաստաբանների բողոքը։ Ռոպերթ Քոչարեանն անձեռնամխելի է։ Չի կարող անձը ենթարկուել քրէական հետապնդման եւ պատասխանատուութեան իր պաշտօնավարման եւ պաշտօնավարութիւնից յետոյ, եթէ նրա գործողութիւնները բխել են իր կարգավիճակից»։

Հարցին, թէ առաջին ատեանի դատարանի որոշումը հակաօրինական էր, փաստաբանը պատասխանած է. «Այո»։

Պաշտպանն ըսած է, որ իրենք պիտի սպասեն քրէական հետապնդման մարմնի գործողութիւններուն եւ ըստ այդմ պիտի գործեն, իսկ դատարանի որոշումէն բաւարարուած են։

«Ռոպերթ Քոչարեանը դուրս է եկել դատարանից եւ արդէն մեկնել է»,-լրագրողներուն ըսած է փաստաբանը։

Սահակեանը նշած է, որ այդ պահի դրութեամբ Ռոպերթ Քոչարեանը մեղադրեալի կարգավիճակ ունի։

Նշենք, որ Քոչարեանի փաստաբանները երկու հայց ներկայացուցած էին, մէկով կը պահանջէին բեկանել առաջին ատեանի դատարանի որոշումը, միւսով՝  խափանման միջոց ընտրուած կալանքը փոխարինել գրաւի դիմաց ազատ արձակմամբ։

Յիշեցնենք նաեւ, որ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորուած է 28 Յուլիսին, անոր մեղադրանք առաջադրուած է «Մարտի 1» -ի գործի շրջագիծէն ներս՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով՝ այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ: Մեղադրանքի առաջադրումէն ու կալանաւորման միջնորդութիւն ներկայացնելէն ետք Քոչարեանը յայտարարած է, որ իր նկատմամբ քաղաքական հետապնդում եւ վրէժխնդրութիւն կ’իրականացուի:

«ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանի որոշումն ապօրինի է, վերաքննիչ քրէական դատարանը դուրս է եկել իր լիազօրութիւնների շրջանակից»: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած են Յատուկ քննչական ծառայութենէն, աւելցնելով․ «Յոյս ունենք, որ դատախազութիւնը վճռաբեկ բողոք կը ներկայացնի»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment