Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Քաղաքապետի ԲՀԿ Թեկնածուն Նաիրա Զօհրապեանն է, Արարատ Զուրապեանը Պիտի Գլխաւորէ ՀՀՇ Ցուցակը

Երեւանի Քաղաքապետի ԲՀԿ Թեկնածուն Նաիրա Զօհրապեանն է, Արարատ Զուրապեանը Պիտի Գլխաւորէ ՀՀՇ Ցուցակը

by MassisPost

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ցուցակը պիտի գլխաւորէ Ազգային Ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զօհրապեանը:

Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ազգային Ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան քարտուղար Վահէ Էնֆիաճեանը։

««Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան կողմից հրաւիրուած քաղաքական խորհրդի նիստում որոշուել է՝ ԲՀԿ ցուցակը Երեւանի աւագանու ընտրութիւններին կը գլխաւորի պատգամաւոր Նաիրա Զօհրապեանը: Երկրորդ հորիզոնականում է Պետրոս Ղազարեանը, ում յաջորդում է Արման Աբովեանը»,- ըսած է Վահէ Էնֆիաճեանը:

Վահէ Էնֆիաճեանը նշած է, որ միաժամանակ որոշում կայացուած է, որ «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արարատ Զուրապեանը եւս պիտի մասնակցի յառաջիկայ ընտրութիւններուն՝ գլխաւորելով «Հայոց Համազգային Շարժում» կուսակցութեան ցուցակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment