Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Պատուիրակութեան Հանդիպումը Սփիւռքի Նախարարի Մխիթար Հայրապետեանի Հետ

ՍԴՀԿ Պատուիրակութեան Հանդիպումը Սփիւռքի Նախարարի Մխիթար Հայրապետեանի Հետ

by MassisPost

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1-ին, Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ՀՀ Լոս Անճելոսի Հիւպատոսարանէն ներս հանդիպում ունեցաւ Սփիւռք նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ, որ իր առաջին այցելութիւնը կու տար Լոս Անճելոսահայ համայնքին:

Հնչակեան պատուիրակութիւնը նախ շնորհաւորեց Հայաստանի մէջ յեղափոխութեան յաղթանակը, ու այս առթիւ ողջոյնները եւ զօրակցութիւնը փոխանցեց վարչապետի   Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան:

Հանդիպումի ընթացքին   քննարկուեցան նախարարի այցելութեան առնչուող կարգ մը հարցեր: Այս առթիւ նախարարը հաստատեց որ ինք պատրաստ է գործակցելու համայնքի անխտիր բոլոր կազմակերպութիւններուն ու նաեւ անկախ գործիչներուն հետ, յանուն Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման: Նախարարը յայտնեց որ ինք պատրաստ է լսելու բոլոր առաջարկները, որպէսզի փոխադարձ յարաբերութիւններուն հաղորդուի նոր որակ:

Հնչակեան պատուիրակութեան անդամները նախարարին փոխանցեցին իրենց կարգ մը մտահոգութիւնները,   կապուած յատկապէս Հայաստան Հիմնադրամի Լոս Անճելոսի գրասենեակի գործունէութեան եւ  գլխաւոր Հիւպատոսի բացակայութեան հետ:

ՍԴՀԿ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վարիչ Մարմինի անդամներ եւ Կուսակցութեան հովանաւորութեան տակ գործող տարբեր միաւորներու պատասխանատուներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment