Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հանրապետական Կուսակցութիւնը Արմէն Սարգսեանին Կ’առաջադրէ Իբրեւ Հայաստանի Նախագահի Թեկնածու

Հանրապետական Կուսակցութիւնը Արմէն Սարգսեանին Կ’առաջադրէ Իբրեւ Հայաստանի Նախագահի Թեկնածու

by MassisPost

Սերժ Սարգսեանը երէկ իշխող Հանրապետականի անունով Մեծ Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան, նախկին վարչապետ Արմէն Սարգսեանին առաջարկած է Հանրապետականի կողմէ առաջադրուիլ որպէս Հայաստանի նախագահի թեկնածու:

Ի պատասխան, Արմէն Սարգսեանը ժամանակ խնդրած է՝ վերջնական որոշում ընդունելու համար:

Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ժամանակ գործող նախագահը կրկին խօսած է Հայաստանի 4-րդ նախագահի որակական յատկանիշներու եւ չափանիշներու մասին, շեշտելով , որ ապագայ նախագահը պէտք է ըլլայ քաղաքականապէս պատրաստուած, բայց ոչ քաղաքականացուած:

«Կը կարծեմ, որ Հայաստանի չորրորդ նախագահը պէտք է ըլլայ կայացած եւ վառ անձնաւորութիւն, քաղաքականապէս պատրաստուած եւ կոփուած պէտք է ըլլայ, բայց ոչ քաղաքականացուած: Ան պէտք է կարենայ կազմակերպել երկխօսութիւն քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ, ինչպէս նաեւ հասարակութեան տարբեր խաւերու միջեւ լարուածութիւնը թուլացնելու նպատակով, եթէ այդպիսի անհրաժեշտութիւն ըլլայ: Պէտք է կարենայ պատուով ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութիւնը արտերկրի մէջ, ճանչնայ սփիւռքը եւ ունակութիւն ունենայ համախմբելու աշխարհասփիւռ հայութիւնը:

«Երէկ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմնին մէջ մենք անդրադարձած ենք այս հարցին, եւ ես, հաշուի առնելով Ձեր ունակութիւնները, Ձեր որակական յատկանիշները, առաջարկած եմ իմ գործընկերներուն` առաջադրել Ձեզ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահի թեկնածու: Դուք կայացած գիտնական էք, վարած էք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը, ունիք դիւանագիտական մեծ փորձ, եւ սա է պատճառը, որ մենք լուրջօրէն քննարկած ենք Ձեր թեկնածութիւնը:

«Շատ ցանկալի է, որ չորրորդ նախագահը ընտրուի խորհրդարանական լայն համաձայնութեան պայմաններու մէջ: Հաշուի առնելով մեր այս ցանկութիւնը` կը կարծեմ, որ Ձեր մտորումներու ժամանակ ճիշդ պիտի ըլլայ, որպէսզի հանդիպիք մեր համախոհ գործընկերոջ` Դաշնակցութեան, խորհրդարանի մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն` «Ծառուկեան» եւ «Ելք» խմբակցութիւններուն եւ տեսանելի ապագային որոշում կայացնէք, որովհետեւ այդ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան Մարտի սկիզբը: Մեր ցանկութիւնն է, որ այդ ընտրութիւնները տեղի ունենան մէկ փուլով, եւ Մարտի սկիզբը մենք արդէն ունենանք չորրորդ նախագահ»,- ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Սերժ Սարգսեանին եւ Հանրապետական  կուսակցութեան այս բարձր վստահութեան համար:

Ան յատկապէս ըսած է․ «Ինչպէս Դուք ըսիք, շատ կարեւոր է, որ որոշում ընդունելէ առաջ ես նոյնպէս առիթ ունենամ հանդիպելու քաղաքական տարբեր ուժերուն ե՛ւ Ազգային ժողովի մէջ, ե՛ւ Ազգային ժողովէն դուրս: Շատ կ’ուզէի հանդիպիլ նաեւ հանրութեան լայն շրջանակները ներկայացնող գիտական, մտաւորական, հասարակական, բարեգործական կազմակերպութիւններուն, գործարար շրջանակներուն, աշխատաւորական շրջանակներուն: Ի հարկէ, անպայման կ’ուզէի հանդիպիլ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան, եւ ի հարկէ, հանդիպիլ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն կամ անհատներուն եւ ատկէ ետք իմ որոշումը կայացնել: Բոլոր պարագաներուն, ինծի համար մեծ պատիւ է Ձեր առաջարկը, պարո՛ն Նախագահ:

«Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վստահութեան համար: Եւ եթէ այս բոլոր հանդիպումներէն ետք որոշումս կայացնեմ, կը փորձեմ պատուով կատարել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պարտականութիւնները եւ արդարացնել այն վստահութիւնը, որ լսեցի Ձեզմէ, Ձեր կուսակից ընկերներուն կողմէ եւ յուսամ նաեւ կը լսեմ մեր միւս քաղաքացիներէն եւ մեր հայազգի որդիներէն: Եթէ թոյլ տաք, ինծի որոշ ժամանակ պէտք է վերջնական որոշում ընդունելու համար»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան:

Կենսագրական տուեալներ
Արմէն Սարգսեան ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի տեսական բնագիտութեան եւ ուսողութեան բաժանմունքը, եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ որպէս Հայաստանի դեսպան սկսած է աշխատել դեռ 1991 թուականէն։

Շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ՝ 1996-1997-ը՝ մօտ 4 ամիս զբաղեցուցած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը, ապա կրկին վերանշանակուած է Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի դեսպան՝ 1998-99 թուականները, որմէ ետք արդեն Արմէն Սարգսեանն աշխատանքի է անցել մասնաւոր ոլորտում, մասնաւորապէս, 2001-2013-ը եղած է British Petrolium, Alcatel, Telefonica եւ այլ միջազգային ընկերութիւններու աւագ խորհրդատու: Ապա 2013-ին, Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով, կրկին նշանակուած է Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի դեսպան, եւ  մինչ այսօր կը զբաղեցնէ այդ պաշտօնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment