Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ելք» Դաշինքի Երթը Ընդդէմ Թանկացումներու

«Ելք» Դաշինքի Երթը Ընդդէմ Թանկացումներու

by MassisPost

«ԵԼՔ» դաշինքի՝ ընդդէմ թանկացումներու երթը՝ «Ո՛չ թանկացումներուն եւ հարկային բեռի աւելացման» կարգախօսով երէկ մեկնարկած էր Շարլ Ազնաւուրի հրապարակէն։

Նշենք, որ որեւէ քաղաքական ուժ յայտարարութեամբ չմիացաւ դաշինքի նախաձեռնած թանկացումներու դէմ պայքարին:

«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը մէկ անգամ եւս իրազեկեց, թէ ինչն է այս թանկացումներու պատճառը եւ յայտարարեց, թէ այս երթով կը մեկնարկուի թանկացումներու դէմ պայքարը:

«Ելք»ը երթը   սկսած էր  խորհրդանշական ինքնաշարժ  մը հրելով: Ազգային Ժողովի  «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ  ինքնաշարժը կը խորհրդանշէ Հայաստանի ներկայիս տնտեսութիւնը, խորհրդանշելով  նաեւ ՝կազի գինի թանկացումը:

ԵԼՔ դաշինքի երթը աւարտած էր Հիւսիսային պողոտայի վրայ: Նիկոլ Փաշինեան արձանագրած է, որ ԵԼՔ դաշինքը այսօր իրականացուցած է  իր երբեւէ ամենաբազմամարդ եւ խանդավառութեամբ լեցուն երթը.

«Ես ուզում եմ ձեզ հաւաստիացնել, իմ զգացողութիւնն ասում է, որ ԵԼՔ-ն յառաջիկայում կ’իրականացնի նաեւ ՀՀ պատմութեան ամենաբազմամարդ, ամենահզօր եւ ամենավճռորոշ երթը»,- յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը:

«Ինչու մենք քայլեցինք Երեւանի փողոցներով: Քայլեցինք՝ արձանագրելու, որ ՀՀ-ում մեկնարկել է մի փոքրիկ գործընթաց, որով արձանագրուելու է, որ ՀՀ քաղաքացիների մեծամասնութիւնը թանկացմանն ասում է՝ ոչ, թալանին ասում է՝ ոչ»:

Փաշինեանը յայտարարած է, որ յաջորդ երթը տեղի պիտի ունենայ 5 փետրուարին,  որն պիտի ունենայ յստակ նպատակ եւ պահանջ։

Եթէ մինչ այդ իշխանութիւնը չնախաձեռնէ Հարկայինի օրէնսգիրքի փոփոխութիւն, ուրեմն, ԵԼՔ-ը վերջնական տեսքի պիտի բերէ Հարկայինի օրէնսգիրքի մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին իր տարբերակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment