Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրանդ Տինքի Սպանութեան 11-րդ Տարելիցին Նուիրուած Հաւաք Պոլսոյ Մէջ

Հրանդ Տինքի Սպանութեան 11-րդ Տարելիցին Նուիրուած Հաւաք Պոլսոյ Մէջ

by MassisPost

«Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք», նման կոչերով երէկ Պոլսոյ մէջ տարբեր ազգութեան հարիւրաւոր մարդիկ յարգեցին հայազգի մտաւորական Հրանդ Տինքի մահուան 11-րդ տարելիցը։

Հաւաքը, ինչպէս ամէն տարի, տեղի ունեցաւ Տինքի հիմնադրած «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրութեան առջեւ, որտեղ ալ Յունուար 19, 2007-ին թուրք ազգայնականի կողմէ գլխուն արձակուած կրակոցներէն սպաննուած էր հայազգի լրագրողը։

Թրքական խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ պէտք է ներողութիւն հայցել Տինքէն, քանի որ անոր սպանութեան գործով դեռ արդարութեան չենք հասած․ – «Հրանդ Տինքը կը փորձէր բոլոր հայերուն, թուրքերուն ու քիւրտերուն հաշտեցնել։ Ան նշանակալի աշխատանք կատարած է Ցեղասպանութեան հարցի վերաբերեալ՝ ըսելով, որ մենք կրնանք առերեսուիլ Ցեղասպանութեան՝ արդարադատութեամբ: Բայց սա վտանգ էր  Թուրքիոյ պետութեան համար, որ ստեղծուած է մեծ յանցանքի վրայ: Այս մասին ալ կը խօսէր Տինքը՝ բացատրելով թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդներուն Եղեռնի հարցի վերաբերեալ արդարութեան կարեւորութիւնը։ Բայց անոնք սպանեցին Տինքը: Պետական իրաւապահ մարմինները այդ յանցագործութեան վկաներն էին ու անոնք խրախուսեցին այդ երիտասարդին սպաննելու Հրանդ Տինքը ու պարզապէս դիտեցին այդ սպանդը։ Ցաւօք սրտի, 11 տարուայ ընթացքին մենք չենք կրցած հասնիլ արդարութեան Հրանդ Տինքի համար»:

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի կարծիքով, թրքական պետութիւնը այսօր ալ կը շարունակէ յանցաւոր քաղաքականութիւնը․ – «Պետութիւնը կը շարունակէ յանցագործութիւններ գործել փոքրամասնութիւններու՝ քիւրտերու, ալեւիներու ու բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք դէմ են պետական գաղափարախօսութեան»:

Աւանդաբար Տինքի յիշատակին նուիրուած հաւաքին կ’ուղեկցէր երթով դէպի Պոլսոյ կեդրոնական Թաքսիմ հրապարակ հասնիլը, սակայն երկու տարի առաջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք մինչեւ օրս Թուրքիոյ մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պատճառով երթերը արգիլուած են։

Հակառակ, որ Տինքի սպանութեան համար 17-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամաստը դատապարտուած է 23 տարուան ազատազրկման, որպէս սպանութեան պատուիրատու մէկ անձ ալ դատապարտուած է ցմահ ազատազրկման, այդուհանդերձ մինչ օրս հայազգի մտաւորականի սպանութեան գործը դատարանն է։ Անոր շահերը ներկայացնող փաստաբանի փոխանցմամբ՝ այս պահուն Տինքի սպանութեան գործով 85 կասկածեալ եւ 11 ամբաստանեալ կայ։

Յայտնի լրագրողի հարազատները վստահ են, որ դեռ բոլոր մեղաւորները բացայայտուած չեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment