Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լեւոն Արոնեան Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Դարձաւ Աշխարհի Բաժակակիր

Լեւոն Արոնեան Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Դարձաւ Աշխարհի Բաժակակիր

by MassisPost

Թիֆլիսի մէջ ընթացող ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան եզրափակիչ փուլէն ետք տեղի ունեցած թայ-պրէյքի մէջ, յաղթելով չինացի մասնակից Տին Լիժէնին, ճատրակի հայ վարպետ Լեւոն Արոնեան դարձաւ աշխարհի բաժակակիր:

«Արմէնբրէս»ի հաղորդմամբ, մրցաշարին մասնակցած էին ճատրակի 128 վարպետներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Արոնեան նաեւ իրաւունք ստացած է մասնակցելու 2018 թուականի Մարտի 10-28 Պերլինի մէջ կայանալիք յաւակնորդներու մրցաշարին:

Լեւոն Արոնեան աշխարհի բաժակակիր դարձած էր նաեւ 2005 թուականին: Ճատրակի հայ վարպետը ճատրակի ողիմպիատայի եռակի, ճատրակի աշխարհի խմբակային առաջնութեան յաղթող է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment