Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Մերքէլի Կուսակցութիւնը Դէմ է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան Լիիրաւ Անդամակցութեան

Մերքէլի Կուսակցութիւնը Դէմ է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան Լիիրաւ Անդամակցութեան

by MassisPost

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի գլխաւորած Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան եւ Քրիստոնեայ-ընկերային միութիւններու կուսակցութեան դաշինքը դէմ արտայայտուած է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամակցութեան:

Թրքական «Հիւրրիյէթ»-ի հաղորդմամբ՝ Գերմանիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն երեք ամիս առաջ կուսակցութիւնները հրապարակած են իրենց նախընտրական ծրագիրները, ուր յատուկ անդրադարձած են նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն:

Հակառակ անոր, որ իշխող դաշինքի նախընտրական ծրագիրին մէջ ընդգծուած է Թուրքիա – ԵՄ ռազմավարական ու տնտեսական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, այնուամենայնիւ Մերքէլի ղեկավարած քաղաքական ուժը դէմ է եւրոպական ընտանիքին Թուրքիոյ անդամակցութեան:

«Մենք կողմ ենք ԵՄ-Թուրքիա յարաբերութիւններու խորացման, երկու կողմի համար: Սակայն կը մերժենք Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութիւնը, քանի որ Թուրքիան չի կատարեր իր ստանձնած պարտաւորութիւնները: Խորապէս մտահոգուած ենք Թուրքիոյ մէջ իրաւական պետութեան, մասնաւորապէս խօսքի ու մամուլի ազատութեան հարցերուն մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներու առնչութեամբ», – ըսուած է նախընտրական ծրագիրին մէջ:

Պաշտօնական Անգարան առայժմ չէ արձագանգած վարչապետի Մերքէլի ղեկավարած դաշինքի արտայայտած դիրքորոշման:

Մինչ այդ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ կրկին լարուածութիւն կը նկատուի Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ 7-8 յուլիսին կայանալիք G20-ի գագաթնաժողովէն առաջ, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողանը:

Գերմանական իշխանութիւնները թրքական կողմին զգուշացուցած են, որ նախագահ Էրտողանը չի կրնար ելոյթ ունենալ թրքական հիւպատոսարանին մէջ: Գերմանիոյ մէջ սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ արգիլուած են ԵՄ անդամ եւ այլ երկիրներու առաջնորդներու ելոյթները: Մինչդեռ Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան մամուլի խօսնակ Ռեֆիկ Սողուկօղլուն աւելի վաղ գերմանական թերթերէն մէկուն յայտնած էր, թէ հիւպատոսարանին մէջ Թուրքիոյ նախագահի ելոյթի համար իրենք դաշնային կառավարութեան թոյլտուութեան կարիքը չունին:

Թուրքիոյ կառավարութեան խօսնակ Նուման Քուրթուլմուշն ալ, անդրադառնալով թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրներուն, նշած է, թէ անոնք կապուած են Գերմանիոյ ներքաղաքական զարգացումներուն հետ․ – «Այս լարուածութիւնը արհեստածին է, որ ստեղծուած է գերմանացի որոշ քաղաքական գործիչներու կողմէ՝ ելլելով ներքաղաքական շահերէ: Թուրքիոյ ու Գերմանիոյ յարաբերութիւնները չեն կրնար թունաւորուիլ ոմանց ձեռքով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment