Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ Նախկին Խօսնակ․ «Սերժ Սարգսեանը Պէտք է Ամբողջովին Նուիրուի Պետութեան Յետագայ Կառավարմանը»

ԱԺ Նախկին Խօսնակ․ «Սերժ Սարգսեանը Պէտք է Ամբողջովին Նուիրուի Պետութեան Յետագայ Կառավարմանը»

by MassisPost

«Որպէսզի պետութիւնը զարգանայ, Սերժ Սարգսեանը պէտք է ամբողջովին նուիրուի պետութեան յետագայ կառավարմանը»: Երէկ, պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին՝ 2018-ի ապրիլէն ետք, երբ Սերժ Սարգսեանը վար կը դնէ նախագահի լիազօրութիւնները, արդեօ՞ք Կարէն Կարապետեանը պիտի շարունակէ պաշտօնավարել որպէս վարչապետ, նման համոզմունք յայտնած է Ազգային ժողովի նախկին նախագահ, հանրապետական պատգամաւոր Գալուստ Սահակեանը:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան այդ հարցին այդպէս ալ չէր անդրադարձած, ընդամէնը շեշտած էր, թէ իր եւ Կարէն Կարապետեանի միջեւ հակասութիւններ չկան, վարչապետն ալ հրաժարական տալու որեւէ պատճառ չունի: «Շատ լաւ հասկանում ենք, թէ ովքեր են այդ բեմականացման հեղինակները, ինչպիսին են նրանց ցանկութիւնները, բայց կարծում եմ, որ դա իրավիճակի վրայ որեւէ ազդեցութիւն ունենալ չի կարող»,- ըսած էր Սերժ Սարգսեանը, այդպէս ալ չմանրամասնելով, թէ ովքեր են իր եւ վարչապետի միջեւ սեպ խրողները:

ՀՀԿ փոխնախագահ Գալուստ Սահակեանը վստահեցուցած է՝ այդ ուժերը ի յայտ կու գան: «Ուրիշ տեղ որոնէք, որովհետեւ ես գիտեմ դրանք ովքեր են: Իրենք կամաց-կամաց ի յայտ կգան»,- այսօր ըսած է Սահակեանը, խուսափելով լրացուցիչ պարզաբանումներէ: Միայն ըսած է․ «Գիտէք, ես հարցազրոյցի տոգորուած չեմ, պատասխանելու համար: Իհարկէ, բոլոր պատասխանները կան»: Սահակեանը չէ պատասխանած նաեւ այն հարցին, թէ՝ ո՞վ  պիտի ըլլայ կուսակցութեան նախընտրած վարչապետի թեկնածուն 2018-ի ապրիլէն ետք: Ըսած է․ «Հիմնականում հանրապետականներն այդ հարցը կ’որոշեն, այս պահին քննարկելու բան չի: Այդ հարցը կապուած է առաջխաղացման հետ, մեր պետութեան յետագայ ճակատագրի հետ»:

Ազգային ժողովի նախկին նախագահը աւելցուցած է՝ հանրապետականները, իհարկէ, կրնան անձնական տեսակէտ յայտնել, «բայց դրա ժամանակը չի»: «Ես բարձր եմ գնահատում Կարէն Կարապետեանին, բարձր եմ գնահատում իմ թիմի բոլոր ընկերներին, բայց որպէսզի պետութիւնը հնարաւորինս արագ զարգանայ, կարծում եմ, որ Սերժ Սարգսեանը պէտք է ամբողջովին նուիրուի պետութեան յետագայ կառավարմանը»,- ըսած է Գալուստ Սահակեանը, հրաժարելով այլ մեկնաբանութիւններէ:

Նկատենք՝ հանրապետականները կը խուսափին 2018-ի ապրիլէն ետք իշխանութեան մէջ Սերժ Սարգսեանի հնարաւոր դերակատարութեան վերաբերող հարցերուն պատասխանելէ, յատկապէս չեն յստակեցներ այն, թէ արդեօ՞ք հնարաւոր է, որ  Սարգսեանը զբաղեցնէ վարչապետի պաշտօնը: Նախագահի երէկուան յայտարարութենէն ետք  հանրապետականները առայժմ կը խօսին միայն Կարէն Կարապետեանի եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ «սեպ խրել ցանկացող» ուժերու մասին, այդպէս ալ չմանրամասնելով՝ ովքե՞ր են անոնք: Իշխող ուժի խօսնակ էտուարտ Շարմազանով երէկ միայն շեշտած է՝ միեւնոյնն է, անոնք յաջողութեան պիտի չհասնին:

«Ձեր հմուտ փորձերը՝ մեզնից կորզել բառեր, նախադասութիւններ, որոնք մեծ սենսացիա կառաջացնեն, կարծում եմ յաջողութեան չեն հասնի, որովհետեւ այն, ինչ ասելու է հանրապետութեան նախագահը, արդէն ասել է: Թէ ովքեր են այդ ուժերը, իրենք էլ գիտեն, մենք էլ գիտենք: Նրանք յաջողութեա՞ն կը հասնեն, իհարկէ ոչ»,- ըսած է Շարմազանովը: Հարցին, թէ՝ ինչո՞ւ չէք բացայայտեր այդ ուժերը, ան պատասխանած է․ «Կարծում եմ՝ դուք էլ գիտէք, որ մենք գիտենք ովքեր են, իրենք էլ գիտեն, որ մենք գիտենք, մենք էլ գիտենք, որ դուք էլ գիտէք: Քաղաքականութեան մէջ ամէն ինչ չի, որ ուղիղ ասւում է: Նրանց դիմէք, թէ նպատակը որն է»: Յաջորդ հարցին ալ՝ արդեօ՞ք այդ ուժերը ձեր ներսէն են, այսպէս արձագանգած է․ «Մեր ներսն առողջ է»:

Դիտարկման, թէ նախագահը չանդրադարձաւ Կարէն Կարապետեանի յետագայ պաշտօնավարման հետ կապուած հարցին, Էտուարտ Շարմազանովը պատասխանած է․ «Եթէ ուսումնասիրել էք Սերժ Սարգսեանի կենսագրութիւնն ու քաղաքական աշխատաոճը, պէտք է շատ լաւ իմանաք, որ պարոն նախագահը, նաեւ հանրապետականներս, ամէն ինչի մասին խօսում ենք ժամանակին, ոչ թէ ժամանակավրէպ: Հիմա դրա մասին խօսելը ժամանակավրէպ է»:

Յիշեցնենք, 2 ապրիլի խորհրդարանական ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ Սերժ Սարգսեանը ըսած էր, որ եթէ իր ղեկավարած Հանրապետականը յաղթէ գալիք ընտրութիւններուն, ապա ինքը ինչ-որ կարգավիճակով իր դերը պիտի ունենայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ, այդպէս ալ չյստակեցնելով, թէ այդ կարգավիճակը ինչ պաշտօն կ’ենթադրէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment