Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաւրով .- Ղարաբաղեան Բանակցութիւններուն Մէջ Շատ Կարեւոր եւ Զգայուն Մանրամասներ Համաձայնեցուած Չեն

Լաւրով .- Ղարաբաղեան Բանակցութիւններուն Մէջ Շատ Կարեւոր եւ Զգայուն Մանրամասներ Համաձայնեցուած Չեն

by MassisPost

Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ համաձայնեցուած են ընդհանուր սկզբունքները, սակայն համաձայնեցուած չեն մանր, բայց շատ կարեւոր եւ զգայուն մանրամասները: Երեքշաբթի օր Քալինինկրատի համալսարանի ուսանողներու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին յայտարարած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

Բացի այդ, ան որոշ մանրամասներ յայտնած է բանակցային գործընթացի մասին․ – «Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման շուրջ պայմանաւորուածութիւնները՝ տարբեր ձեւաչափերով, բազմիցս շատ մօտ էին հանգուցալուծման, բայց անվստահութեան բնազդ կ’առաջանար մէկ այս կողմի, մէկ՝ միւս կողմի մօտ․․․ Սակայն պէտք է շարունակել աշխատանքները»:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւս մէկ անգամ ընդգծած է, որ կողմերը չեն կրնար համաձայնեցնել հանգուցալուծման հասնելու ճանապարհը: «Կայ սկզբունքներու փաթեթ մը, որոնք ընդհանուր առմամբ բոլորի կողմէն համաձայնեցուած են, սակայն սատանան մանրամասներու մէջ է՝ ինչպէս շարժիլ առաջ դէպի այդ հանգուցալուծումը, ինչ ճանապարհով: Անոնք արտաքուստ մանր մանրամասներ են, սակայն շատ բարդ, զգայուն, նաեւ՝ ներքաղաքական զարգացումներու առումով զգայուն են», – ըսած է Լաւրով:

Ան նաեւ ակնարկած է, որ կրնան փոխուիլ ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները․ – «ԱՄՆ եւ Ֆրանսայի նոր նախագահները պէտք է նշանակեն նոր համանախագահներ, եւ պէտք է միասին մտածենք, թէ ինչպէս յաղթահարել դեռ չհամաձայնեցուած՝ արտաքուստ մանր, սակայն շատ կարեւոր հարցերը»:

Աւելցնենք՝ մարտին ատրպէյճանական APA լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին նոյնպէս Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած էր, թէ համաձայնեցուած են ընդհանուր սկզբունքները, սակայն կը մնան որոշ մանրամասներ, որոնք բարդ են: «Կողմերը հիմնական չհերքելով հենքը՝ տարբեր կերպ կը պատկերացնեն կարգաւորման բաղադրիչները կեանքի կոչելու հերթականութիւնը», – ըսած էր Սերկէյ Լաւրով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment