Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քաղաքական Բանտարկեալները Կը Թարմացնեն Օսկանեանի Յիշողութիւնը

Քաղաքական Բանտարկեալները Կը Թարմացնեն Օսկանեանի Յիշողութիւնը

by MassisPost

Օրերս լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Վարդան Օսկանեան յայտարարած էր, թէ չի յիշեր, երբ ինքը արտաքին գործերու նախարար էր, Հայաստանի մէջ քաղբանտարկեալներ կայի՞ն, թէ՞ ոչ։ «Եթէ անուններ յիշեցնէք, գուցէ ասեմ, քաղբանտարկեա՞լ էին, թէ՞ ոչ»,- ըսած էր Օսկանեանը՝ աւելցնելով. «Իմ ժամանակ, եթէ քաղբանտարկեալ կար՝ դատապարտելի է։ Չեմ յիշում։ Բայց եթէ եղել են, վստահ եղէք, որ ես դէմ եմ եղել էդ բոլորին»։

Այդ տարիներուն իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու եւ խմբագիրներու համագործակցութեան արդիւնքով՝ քաղբանտարկեալներու նկարները եւ անուն-ազգանունները ամէն օր կը տպագրուէին «Հայք», «Ժամանակ», «Հայկական ժամանակ» օրաթերթերուն մէջ։ Այդ անձինք քաղբանտարկեալ ճանչցուած են նաեւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ։ Ռոպերթ Քոչարեանի ու Վարդան Օսկանեանի պաշտօնավարման օրոք քրէական գործեր յարուցուած էին «Արդարութիւն» դաշինքի գործիչներու դէմ, որ 2003-2004 թուականներու հանրահաւաքներուն մասնակցելու համար վարչական կալանքի ենթարկուած էին հարիւրաւոր մարդիկ, որոնց հայցերու պատճառով Հայաստանը յետոյ պարտուեցաւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանում մէջ եւ հսկայական փոխհատուցումներ վճարեց:

Ապա, 2004 թուականին Բաղրամեան փողոցին մէջ տեղի ունեցած դէպքերէն ետք բազմաթիւ քաղաքացիներ ձերբակալուեցան ու կալանաւորուեցան։ Անոր յաջորդեց 2006 թուականը, երբ ձերբակալեցին Վարդան Մալխասեանը, Ժիրայր Սէֆիլեանը եւ այլոք։

Այնուհետեւ ձերբակալութիւններ եղան 2008 թուականի մարտեան իրադարձութիւններէն ետք։ Այդ դէպքերէն ետք ընդդիմադիրներու պահանջով շատերը ազատ արձակուեցան, բայց տեւական ժամանակ կը շարունակէին անազատութեան մէջ մնալ Սարգիս Հացպանեանը եւ թուրքագէտ Մուրատ Բոջոլեանը: Վերջինս բանտարկուած էր 2002 թուականին։ Ան կը մեղադրուէր Քրէական օրէնսգիրքի 59 յօդուածի յատկանիշներով՝ օտարերկրեայ կազմակերպութիւններուն պետական, ռազմական կամ այլ բնոյթի գաղտնիքներու մասին տեղեկութիւններ հաղորդելու համար:

Ռոպերթ Քոչարեանի ու Վարդան Օսկանեանի պաշտօնավարման ժամանակ քաղբանտարկեալներ եղած են նաեւ Աշոտ Բլէյեանը եւ Արման Պապաճանեանը։

Նոյն Օսկանեանի պաշտօնավարման ժամանակ քաղբանտարկեալ Վարդան Մալխասեանը «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցին չկրցաւ մեկնաբանել, թէ ինչով պայմանաւորուած է Օսկանեանի յիշողութեան կորուստը, բայց Օսկանեանին յիշեցուց, որ եթէ իր ժամանակ քաղբանտարկեալներ չկային, ապա ինչպէս պատահեցաւ, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը իր մասով արդարացման վճիռ կայացուց ու փոխհատուցում սահմանեց։ «Հենց իր ժամանակուայ գործերի համար ես, Ժիրայր Սէֆիլեանը եւ ուրիշները փոխհատուցում ստացանք ՄԻԵԴ-ի կողմից։ ՄԻԵԴ-ը գտել էր, որ մենք անարդարացիօրէն կալանքի տակ ենք մնացել։ Մարդիկ կան, որոնց գործերը դեռ ՄԻԵԴ-ում ընթացքի մէջ են։ Հիմա հարց Օսկանեանին՝ եթէ ես քաղբանտարկեալ չէի, ինչպէս ստացուեց, որ Եւրոպական դատարանը իմ նկատմամբ արդարացման որոշում կայացրեց»,-հարցուցած է Մալխասեանը։

«Անկասկած է, որ 1998-2008 թուականներին Հայաստանում կային քաղբանտարկեալներ եւ քաղհալածեալներ։ Դա անհերքելի փաստ է։ Այսօր եւս աւելի մեծ թուով քաղբանտակեալներ կան, որը նոյնպէս հերքել հնարաւոր չէ։ Օսկանեանը որքան էլ չյիշելու տայ, փաստ է, որ հենց իր պաշտօնավարման ժամանակ քաղբանտարկեալ էին Ժիրայր Սէֆիլեանը եւ միւսները»,- «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցին ըսած է «Հիմնադիր խորհրդարանի» անդամ Ալեք Ենիգոմշեանը։

Ան նաեւ նշեց, որ իրենք չորս կէտանոց հարցումներ ներկայացուցած են ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական ուժերուն, որով, ըստ էութեան, կը ստուգուի անոնց ազնուութեան չափը։ Այդ հարցերէն մէկն ալ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ քաղբանտարկեալներու առկայութեան։ «Մենք չորս հիմնական հարց ենք ներկայացրել՝ գործող վարչախմբի վերաբերեալ իսկական գնահատական, Արցախի տարածքների յանձնման վերաբերեալ իսկական դիրքորոշում, Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ ապագաղութացման մասով իրենց կեցուածքը եւ քաղբանտարկեալների առկայութեանը՝ ներառեալ «Սասնայ ծռերի» անդամները, ռազմագերիները եւ «Հաց բերող» Արթուրի վերաբերեալ իսկական գնահատական։ Հիմա բոլորից անխտիր պահանջւում է յստակ դիրքորոշում յայտնել այս հարցերի վերաբերեալ։ Եթէ լինի այդ դիրքորոշումը, ներառեալ Օսկանեանի ներկայացրած դաշինքի, ապա ամէն բան պարզ կը լինի նրանց իրական մտադրութիւնների վերաբերեալ։ Եւ այդ հարցերի պատասխանելը լաւ առիթ կը լինի թարմացնել յիշողութիւնը»,- աւելցուցած է Ենիգոմշեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment