Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Էլթըն Ճոն իր Հիմնադրամի Երեկոյթին Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած The Promise Ֆիլմը Պիտի Ցուցադրէ

Էլթըն Ճոն իր Հիմնադրամի Երեկոյթին Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած The Promise Ֆիլմը Պիտի Ցուցադրէ

by MassisPost

Աշխարհահռչակ երգիչ Էլթըն Ճոն իր հիմնադրամի երեկոյթին պիտի ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող The Promise ֆիլմը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Էլթոն Ճոնի հիմնադրամը։

Երեկոյթը պիտի կայանայ 26 Փետրուարին, որուն պիտի մասնակցի նաեւ հիմնադրամի նախագահ Տէյվիտ Ֆուրնիշը:

«Մեզի համար բաւական է միայն տեսնել ՄԻԱՒ/Ձիահ¬ի համաճարակի տարածման ընթացքը 1990-ականներու կէսերուն Ռուանտայի ցեղասպանութենէն ետք, որպէսզի հասկնանք մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն եւ վայրագութիւններու ու հանրային առողջութեան ճգնաժամին կապը: Մանուկեաններու ընտանիքի եւ արտադրող Էրիք Էսրայէլեանի հետ ընկերութեան իբրեւ արդիւնք ես եւ Տէյվիտը աւելի շատ տեղեկացած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այսօր հասարակական կեանքի վրայ անոնց ազդեցութեան մասին»,¬- ըսած է Էլթըն Ճոն:

Ան աւելցուցած է, որ «The Promise» ֆիլմը կ’արտացոլէ, թէ ինչպէս կարելի է յիշել անցեալի վայրագութիւնները եւ սորվիլ սխալներու վրայ: «Մենք լի ենք վճռականութեամբ այս հրաշալի ֆիլմին մասին տեղեկատւութիւն տարածելու հարցով, որպէսզի ստիպենք մարդոց անմիջապէս գործելու: Մենք պատիւ ունինք մեր երեկոյին ընթացքին ձեզի ներկայացնելու «The Promise» ֆիլմը»,-ըսած է երգիչը:

Էլթոն Ճոնի հիմնադրամի նախագահ Տէյվիտ Ֆուրնիշ, իր հերթին, ընդգծած է, որ իրենց համար մեծ պատիւ է հիմնադրամի շարժանկարի ակադեմիայի մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս ներկայացնել մեծ բարերար Գըրգ Գըրգորեանի միջոցներով նկարահանուած ֆիլմը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment