Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Amnesty International. «Հայաստանի Ոստիկանութիւնը 2016-ի Յուլիսին Անհամաչափ Ուժ Կիրառած է»

Amnesty International. «Հայաստանի Ոստիկանութիւնը 2016-ի Յուլիսին Անհամաչափ Ուժ Կիրառած է»

by MassisPost

«2016-ի Յուլիսին հայաստանեան ոստիկանութիւնը անհամաչափ ուժ կիրառած է հիմնական խաղաղ բնոյթ կրող ցոյցերը ցրելու նպատակով», – աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վիճակին նուիրուած տարեկան զեկոյցին կը պնդէ միջազգային ամենահեղինակաւոր իրաւապաշտպան կառոյցներէն մէկը` Amnesty International-ը:

«Յուլիսեան իրադարձութիւններու ընթացքին հարիւրաւոր մարդիկ ենթարկուեցան կամայական ձերբակալութիւններու: Շրջանառուող տեղեկութիւններու համաձայն, բերման ենթարկուելու եւ ձերբակալութեան ընթացքին շատերը վիրաւորուած էին, ծեծի ենթարկուած կամ այլ տեսակի դաժան վերաբերմունքի արժանացած», – կը նշեն իրաւապաշտպանները:

Հպանցիկ կերպով ամփոփելով 2016 թուականի հայաստանեան իրադարձութիւնները` զեկոյցի հեղինակները նշած են. – «Տարին աչքի ինկաւ քաղաքական եւ տնտեսական անկայունութեամբ, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան առնչուող մտահոգութիւններու աճով: Անոնց պատճառը Ազրպէյճանէն անջատուած եւ Հայաստանի աջակցութիւնը վայելող Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լայնածաւալ ռազմական հակամարտութիւնն էր, որ սկիզբ առաւ Ապրիլին», – կը յիշեցնեն Amnesty International-ի փորձագէտները: Որպէս 2016-ի կարեւորագոյն հայաստանեան իրադարձութիւն անոնք կը յիշատակեն նաեւ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականն ու Կարէն Կարապետեանի նշանակումը վարչապետի պաշտօնին:

Երէկ հրապարակուած զեկոյցի համաձայն` Հայաստանին առնչուող գլուխը հիմնական նուիրուած է անցած տարուայ յուլիսեան իրադարձութիւններուն եւ անոնց զուգահեռ ծաւալուած բողոքի գործողութիւններուն, ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներուն, այդ ընթացքին արձանագրուած մարդու իրաւունքներու խախտումներուն:

Amnesty International-ի հրապարակած փաստաթուղթին մէջ առաւել շատ են ոստիկանութեան կողմէ ցուցարարներու հանդէպ անհամաչափ ուժ կիրառելու մասին պնդումները: Իրաւապաշտպանները բաւական մանրամասնօրէն նկարագրած են ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքին ծաւալուած իրադարձութիւններուն զուգահեռ` Յուլիսի 20-ին եւ 29-ին տեղի ունեցած բախումները:

«Յուլիսի 20-ին ոստիկանութիւնը արգիլեց ցուցարարներուն սննդամթերք փոխանցել ոստիկանական ստորաբաժանման տարածքէն ներս դիրքաւորուած խումբի անդամներուն: Ի պատասխան՝ ցուցարարներէն ոմանք սկսան հրել ոստիկաններուն, անոնց ուղղութեամբ քարեր եւ ջուրի շիշեր նետել: Ոստիկանութիւնը ի պատասխան առանց տարբերակման արցունքաբեր կազ եւ ձայնալուսային նռնակներ կիրառեց` վիրաւորելով խաղաղ ցուցարարներէն եւ պատահական անցորդներէն շատերուն: Ականատեսներէն մի քանիին պնդմամբ ոստիկանները կը հետապնդէին բախող ցուցարարներուն եւ ձերբակալութենէ առաջ անոնց ծեծի կ’ենթարկէին: Այդ օրը 136 մարդ ձերբակալուած է, տասնեակ մարդիկ վիրաւորուած», – կը նշեն զեկոյցի հեղինակները:

Նոյնքան մանրամասնօրէն Amnesty International-ի փորձագէտները կ’անդրադառնան 29 Յուլիսին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն` յատուկ ընդգծելով․ – «Այդ օրը Սարի թաղին մէջ` գրաւուած ստորաբաժանման հարեւանութեամբ, ոստիկանութիւնը անհամաչափ ուժ կիրառեց խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ: Ոստիկանութիւնը հաւաքուածներէն պահանջեց ցրուիլ, քիչ անց առանց տարբերակման արցունքաբեր կազ եւ ձայնալուսային նռնակներ կիրառեց ցուցարարներուն հանդէպ` վիրաւորելով տասնեակ ցուցարարներու եւ լրագրողներէն մի քանիին: Ասոր ալ յաջորդեց ոստիկանական շղթան հատած, մահակներով զինուած խումբ մը տղամարդոց դարանակալ յարձակումը ցուցարարներու եւ լրագրողներու վրայ», – գրած են զեկոյցի հեղինակները` նշելով, որ այս իրադարձութիւններու արդիւնքով առնուազն 14 լրագրող վիրաւորուած է, որոնց վրայ յարձակումը` «նպատակ ունէր կանխել իրադարձութիւններու լուսաբանումը ուղիղ եթերով»:

Ընդհանուր առմամբ, ըստ զեկոյցի հեղինակներուն, 29 Յուլիսի իրադարձութիւններու ընթացքին 60 մարդ վիրաւորուած եւ տեղափոխուած է հիւանդանոց:
«Սարի թաղին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն յաջորդած շաբաթներուն ոստիկանութեան հինգ աշխատակիցներու լիազօրութիւնները` «անհամաչափ ուժ կիրառելու համար» դադարեցուեցան: Երեւանի ոստիկանութեան ղեկավարը հեռացուեցաւ պաշտօնէն, եւս 13 ոստիկաններ, այդ թուին բարձրաստիճան սպաներ, նկատողութիւն ստացան` «լրագրողներու եւ ցուցարարներու դէմ յարձակումները կանխելու գործին մէջ թերանալու համար», – նշած են Amnesty International-ի մասնագէտները:

Զեկոյցի հեղինակներու պնդմամբ, 17 Յուլիսին պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւման յաջորդած շրջանին մօտ 200 մարդ` հիմնական ընդդիմութեան աջակիցներ եւ քաղաքացիական աքթիւիսթներ, ենթարկուած են կամայական ձերբակալութիւններու` երբեմն ընդհուպ մինչեւ 12 ժամ պահուելով ոստիկանութեան բաժանմունքներէն ներս: – «Անոնցմէ ոմանց ոստիկանութիւնը զրկած է ջուր, դեղամիջոցներ ինչպէս նաեւ բժշկական օգնութիւն ստանալու հնարաւորութենէն», – նշած են իրաւապաշտպանները:

Վերջաւորութեան աւելցուցած են, որ յուլիսեան իրադարձութիւններէն բացի զեկոյցին մէջ յիշատակուած են նաեւ քաղաքացիական աքթիւիսթ Վարդգէս Գասպարիի շուրջ ծաւալուած իրադարձութիւնները` մասնաւորաբար 2016-ի փետրուարին անոր նկատմամբ «Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկէն ներս բռնութիւն կիրառելու փաստը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment