Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՌԴ ՄԻ Յանձնակատար – Լապշինին Ատրպէյճանին Արտայանձնելը Անթոյլատրելի է

ՌԴ ՄԻ Յանձնակատար – Լապշինին Ատրպէյճանին Արտայանձնելը Անթոյլատրելի է

by MassisPost

ՌԴ մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Թաթիանա Մոսկալկովա անթոյլատրելի համարած է Ռուս եւ Պելառուս Միութենական պետութեան տարածքէն Ռուսիոյ քաղաքացի, անկախ լրագրող Ալեքսանդր Լապշինի արտայանձնումը Ատրպէյճանին: «Անթոյլատրելի կը համարեմ Ռուս եւ Պելառուս Միութենական պետութեան տարածքէն Ատրպէյճանին Ռուսիոյ քաղաքացի, անկախ լրագրող Ալեքսանդր Լապշինի արտայանձնումը»,- ըսուած է ՌԴ Օմբուդսմենի համապատասխան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է անոր պաշտօնական կայքին վրայ։

Մոսկալկովա յիշեցուցած է, որ, համաձայն Սահմանադրութեան, ՌԴ քաղաքացին չի կրնար արտաքսուիլ ՌԴ սահմաններն դուրս կամ արտայանձնուիլ այլ պետութեան:

Յիշեցնենք, որ Պելառուս Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազի տեղակալը որոշում կայացուցած է բաւարարել Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան խնդրանքը՝ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, բլոգեր Ալեքսանդր Լապշինին Ատրպէյճանին արտայանձնելու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment