Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թուրքիան Պատրաստ Է Բանալու Հայաստանի Հետ Երկաթուղային Եւ Ինքնաշարժներու Անցակէտերը

Թուրքիան Պատրաստ Է Բանալու Հայաստանի Հետ Երկաթուղային Եւ Ինքնաշարժներու Անցակէտերը

by MassisPost

Թուրքիան աւարտած է Հայաստանի հետ սահմանին երկաթուղային եւ ինքնաշարժներու անցակէտերու բացման համար անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքները։ Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն։

Լրագրողներու հետ զրոյցին ան յայտնած է, որ հարցը քննարկած է նաեւ Հայաստանի իր գործընկերոջ հետ։

Նախարարին խօսքով՝ նախապատրաստական աշխատանքները իրականացուած են ինչպէս երկաթուղային անցակէտի, այնպէս ալ Ալիճանի սահմանային անցակէտի գործարկման ուղղութեամբ։

Ուրալօղլուն նշած է, որ Ատրպէյճանի համար կարեւոր հարցերը հաշուի առնող համաձայնութեան ձեռքբերման պարագային սահմանային անցակէտերու բացման գործընթացը երկար չի տեւեր։

Ան յոյս յայտնած է, որ անցակէտերը կը բացուին յառաջիկային։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment