Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Եւ Մասուտ Փեզեշքեան Քննարկած Են Երկու Երկիրներուն Միջեւ Համագործակցութեան Հարցեր

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Մասուտ Փեզեշքեան Քննարկած Են Երկու Երկիրներուն Միջեւ Համագործակցութեան Հարցեր

by MassisPost

Անթալիայի մէջ ընթացող COP31 Առաջնորդներու գագաթաժողովի շրջանակին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ:

Զրուցակիցները կարեւորած են Երեւանի մէջ օրերս կայաած Հայաստան-Իրան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններն ու անոնց արդիւնաւէտ իրականացումը:

Կողմերը ընդգծած են երկկողմ բարձր մակարդակի հանդիպումներուն աշխոյժ բնոյթը եւ համոզմունք յայտնած, որ անոնք կը նպաստեն Հայաստան-Իրան կապերու ընդլայնման տարբեր ուղղութիւններով:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Մասուտ Փեզեշքեան քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող օրակարգային հարցեր:

Յիշեցնենք, որ վարչապետը Անթալիոյ մէջ ներկայ եղած է ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան շրջանակային պայմանագրութեան կողմերու 31-րդ համաժողովի շրջանակին մէջ տեղի ունեցող Առաջնորդներու գագաթաժողովի բացման արարողութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment