Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տապլինի մէջ կը մասնակցի Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի 9-րդ գագաթաժողովին:
Միջոցառման մասնակից երկիրներու առաջնորդները նիստէն առաջ դիմաւորած է Իրլանտայի վարչապետ Միխոլ Մարթինը:
Այնուհետեւ մեկնարկած է գագաթաժողովի լիագումար նիստը, որուն յաջորդած է երկիրներու ղեկավարներու համատեղ տեսալուսանկարահանման արարողութիւնը:
Վարչապետ Փաշինեան գագաթաժողովի շրջանակին մէջ կը մասնակցի նաեւ փակ ձեւաչափով տեղի ունեցող կլոր-սեղան քննարկումներուն:

