Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԱՏՄ-էն Հայաստանը Հեռացնելու Իրաւական Հիմնաւորումները Համոզիչ Չեն. Ելեւմուտքի Նախարար

ԵԱՏՄ-էն Հայաստանը Հեռացնելու Իրաւական Հիմնաւորումները Համոզիչ Չեն. Ելեւմուտքի Նախարար

by MassisPost

Ազգային Ժողովին մէջ 2027 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումներու ամփոփման ժամանակ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան հետաքրքրուած է՝ արդեօք Գործադիրը բեմագրային ծրագրաւորում իրականացուցա՞ծ է՝ հաշուի առնելով արտաքին միջավայրի հնարաւոր փոփոխութիւնները, այդ շարքին՝ ԵԱՏՄ անդամակցութեան առաւելութիւններէն զրկուելու վտանգը։

«Մեր բեմագրութիւնը միջինացուած չէ, այլ իրատեսական։ Ինչ վերաբերում է վտանգներին, ունենք գնահատումներ, եւ այդ վտանգների նիւթականացման դէպքում դրանց ազդեցութիւնը մեղմելու համար նախատեսուած են պահուստային միջոցներ»,- պատասխանած է ելեւմուտքի նախարարը։

Անդրադառնալով ԵԱՏՄ-ին՝ նախարար Վահէ Յովհաննիսեան յայտնած է, որ վերջերս հրապարակուած զեկոյցին մէջ Հայաստանի անդամակցութիւնը կասեցնելու իրաւական հիմնաւորումները կառավարութիւնը համոզիչ չի համարեր։

«Ինչ վերաբերում է ԵԱՏՄ-ին, մեծ խնդիր չեմ տեսնում։ ԵԱՏՄ-ից դուրս գալու իրաւական մեխանիզմները, որ այդ զեկոյցում ներկայացուած են, մեր կարծիքով՝ հիմնաւոր չեն», – ըսած է ան։

ԵԱՏՄ միւս չորս անդամներու՝ Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի կազմած զեկոյցին մէջ գնահատուած էին Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հնարաւոր կասեցման տնտեսական հետեւանքները։ Ըստ հեղինակներուն՝ այդ պարագային Հայաստանի մէջ կազը պիտի թանկանայ շուրջ 70 տոկոսով, արտահանումը պիտի նուազի 30-50 տոկոսով, իսկ ՀՆԱ-ն՝ աւելի քան 15 տոկոսով։

Թէեւ զեկոյցին հեղինակները ընդունած էին, որ ԵԱՏՄ պայմանագրով անդամակցութիւնը կասեցնելու կամ անդամը հեռացնելու մեխանիզմ նախատեսուած չէ, անոնք յղում ըրած էին Վիեննայի պայմանագրութեան, որ «որոշ պայմաններով թոյլ կու տայ բազմակողմ պայմանագրի գործողութիւնը դադրեցնել կամ կասեցնել անոնց մասնակիցներէն մէկուն նկատմամբ»։

Հայաստանի իշխանութիւնները համաձայն չեն զեկոյցի գնահատականներուն։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելի վաղ յայտնած էր, որ Երեւան իր առարկութիւնները պիտի փոխանցէ ԵԱՏՄ գործընկերներուն։

Նախարարը անդրադարձած է նաեւ 2026 թուականին հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքին՝ ռուսական շուկայ արտահանման սահմանափակումներուն՝ պնդելով, որ խնդիրները պիտի յաղթահարուին։

«Այդ հարցերն ամբողջութեամբ կը լուծուեն. կամ այդ սահմանափակումները կը վերանան, կամ բազմազանեցման ուղղութեամբ մեր ջանքերը յաջողութիւն կ’ունենան, թէեւ արդէն ունենք յաջողութիւններ», – յայտնած է Յովհաննիսեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment