Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Անթալիոյ մէջ ներկայ գտնուած է ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան շրջանակային պայմանագրութեան կողմերու 31-րդ համաժողովի (COP31) ծիրին մէջ տեղի ունեցող Առաջնորդներու գագաթաժողովի բացման արարողութեան:
Նախ տեղի ունեցած է գագաթաժողովին մասնակից պետութիւններուն եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներու դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը: Առաջնորդները դիմաւորած են ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան:
Յաջորդիւ բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարը, Թուրքիոյ նախագահը, Պրազիլիոյ նախագահ Լուիս Ինասիու Լուլա տա Սիլվան եւ այլք:

