Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Անցեալ Տարուան Ընթացքին Հայաստանի Բնակչութիւնը Նուազած է Աւելի Քան 12 Հազարով

Անցեալ Տարուան Ընթացքին Հայաստանի Բնակչութիւնը Նուազած է Աւելի Քան 12 Հազարով

by MassisPost

Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱԱԾ) հրապարակած տուեալներուն, Հայաստանի մշտական բնակչութիւնը այս տարեսկզբին, 1 յունուար, 2016-ի համեմատ, նուազած է 12 100-ով:

ԱԱԾ մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետ Կարինէ Գոյումճեանի խօսքով՝ բնակչութեան թուաքանակի նուազումը պայմանաւորուած է երկու գործօնով՝ ծնելիութեան նուազմամբ եւ գաղթի աճով: «Գնահատել ենք միկրացիայի ցուցանիշը․ նուազ 24 հազար 600 մարդ»: ըսած է Գոյումճեան:

2016-ի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներուն աւելցած է նաեւ սահմանահատումներու թիւը: Ըստ տուեալներուն, երկիր մուտք գործած է 769 հազար 19 ՀՀ քաղաքացի, երկրէն դուրս եկած է 820 հազար 398 հայաստանցի: Այսինքն մէկ տարուան ընթացքին չէ վերադարձած անոնցմէ 51 հազար 379-ը:

Վիճակագրական տուեալները վկայած են նաեւ, որ նուազած է ծնունդներու թիւը: Մարդահամարի բաժնի պետը ընդհանուր տուեալներուն մէջ այս համարած է ամենամտահոգիչը՝ պայմանաւորելով թէ՛ գաղթով, թէ՛ ընդհանուր ժողովրդագրական պատկերով:

Ազգագրագէտ Հրանուշ Խառատեանի խօսքով, երրորդ երեխայի համար ծնողին կլորիկ գումար կու տան, այդուհանդերձ անոր չափը չի շահագրգռէր ընտանիքի աճը: Ազգագրագէտը վստահ է, որ արտագաղթի նման շարունակական աճը պիտի պահպանուի եւ յառաջիկային:

Վիճակագրութիւնը փաստած է, որ արտագաղթը հիմնականին մարզերէն է:
Բնակութեան ցած ցուցանիշներ ունին յատկապէս Սիւնիքը, Տաւուշն ու Վայոց Ձորը:

Խառատեանի խօսքով՝ այս սխալ տարածքային կառավարման արդիւնքն է, որ կը տանի Հայաստանի համար կարեւոր սահմանամերձ բնակավայրերու դատարկման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment