Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովի մասնակիցներուն որոշմամբ՝ Հայաստանը զրկուած է այս դաշինքի պատասխանատու պաշտօններուն իր ներկայացուցիչներուն նշանակելու իրաւունքէն։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։
«Թեման արծարծուած է, կայացուած է որոշում… Առաջարկուած է եւ որոշուած է Հայաստանը զրկել ՀԱՊԿ-ի մէջ պատասխանատու պաշտօններուն իր ներկայացուցիչները նշանակելու իրաւունքէն»,- նշած է Փեսքով:
ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստը Նոյեմբեր 11-ին տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ։

