Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Պատասխանած Է Իրլանտացի Փորձագէտներու Հարցումներուն

Փաշինեան Պատասխանած Է Իրլանտացի Փորձագէտներու Հարցումներուն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Տապլինի Միջազգային եւ եւրոպական հարցերու հիմնարկ:

Վարչապետը դիմաւորած է հիմնարկի գլխաւոր տնօրէն Մարք Ռետմոնտ: Նախ ՀՀ վարչապետին եւ հիմնարկի ղեկավարութեան, իտլանտացի փորձագէտներուի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է աշխատանքային նախաճաշ, այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է քննարկման ու հարցուպատասխանի ձեւաչափով:

Վարչապետ Փաշինեան, մասնաւորապէս, անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային զարգացումներուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան, հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման եւ այլ թեմաներու:

Վարչապետ Փաշինեան պատասխանած է ներկաները հետաքրքրող այլ հարցումներու եւս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment