Իրանը հնարաւորութեան պարագային կրնայ կազ արտահանել Հայաստան, այս մասին Հայ-իրանեան Միջկառավարական Խորհուրդի նիստէն յետոյ յայտնեց Իրանի փոխնախագահ Սեյիտ Համիտ Փուրմոհամմատին:
«Կը կարծեմ տեղեակ էք, որ Իրանը աշխարհի մեծագոյն կազի պաշարներ ունեցող երկիրներէն է, եւ եթէ ունենայ հնարաւորութիւն կազի արտահանման առումով, ի՞նչ աւելի լաւ ընկեր, քան Հայաստանը, որ արտահանենք»,- նշեց փոխնախագահը՝ պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին:
Ան ըսաւ, որ հայ-իրանեան համագործակցութեան շրջանակին մէջ ստեղծուած յանձնաժողովներէն մէկը կը զբաղւի ուժանիւթային ոլորտով։ Յաւելեց, որ անոր շրջանակներուն մէջ քննարկուած են ուժանիւթի ոլորտի համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւնները՝ կազ, տիզըլ, նոյնիսկ Հայաստանի երկարաժամկէտ ուժանիւթային ապահովման առնչուող հարցերը:
Ճիշդ ի՞նչ պայմանաւորուածութիւններ կնքուած են իրանեան կողմին հետ այսօրուայ նիստի արդիւնքներով, նիստը համանախագահող Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ըսաւ՝ «չկայ ոլորտ մը, որուն վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած չըլլան»:
«Ոլորտները՝ առեւտուր, ուժանիւթային ոլորտ, այդ շարքին՝ կազ, ելեկտրուժ, գործարքի նախագիծի իրականացման ընդլայնման հնարաւորութիւններ, մշակոյթ, ենթակառուցուածքներ, որ նոյնպէս շատ կարեւոր է՝ ենթակառուցուածքներու փոխկապակցում եւ զարգացում»,- ըսաւ Մհեր Գրիգորեան՝ առանց ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ժամկէտներ նշելու։
Դեռ Յուլիսին տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսած էր, որ կազ ելեկտրուժի դիմաց ծրագրի շրջանակին մէջ իրանեան կազի ծաւալները հնարաւոր է առնուազն կրկնապատկել։
Թեհրանի հետ ուժանիւթային համագործակցութիւնը խորացնելու եւ կազի մատակարարման ծաւալները աւելցնելու մասին Իրանէն հնչող յայտարարութիւնները կը յաջորդեն Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանին մատակարարուող կազի թանկացման մասին զգուշացումներուն։
Գրեթէ 20 տարի առաջ կառուցուած Իրան-Հայաստան կազատարը տարեկան աւելի քան երկու միլիառ խորանարդ մեթր կազ արտահանելու կարողութիւն ունի, սակայն այն տարիներ շարունակ կ’օգտագործէ իր կարողութեան չնչին տոկոսը։
Իրան-Հայաստան կազատարի հայկական հատուածը 2015 թուականէն կը գտնուի ռուսական «Գազպրոմի» վերահսկողութեան ներքոյ։ Փորձագէտները կը նշեն, որ առանց ռուսական կողմի համաձայնութեան իրանեան կազի արտահանման ծաւալներու մեծացում հնարաւոր չէ։ Նախարար Խուդաթեան, սակայն, «Ազատութեան» ըսած է, թէ հայկական կողմը կազ ելեկտրուժի դիմաց ծրագրի շրջանակին մէջ սահմանափակումներ չունի եւ որեւէ խնդիր չի կրնար յառաջանալ։



