Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրլանտայի Մայրաքաղաք Տապլինի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի Վարչապետը Եւ Ատրպէյճանի Նախագահը

Իրլանտայի Մայրաքաղաք Տապլինի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի Վարչապետը Եւ Ատրպէյճանի Նախագահը

by MassisPost

Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ ընթացող Եւրոպական քաղաքական համայնքի 9-րդ գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2026 թուականի Նոյեմբեր 12-ին հանդիպած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Ղեկավարները միտքեր փոխանակած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգի յառաջմղման շուրջ՝ հիմնուելով 2025 թուականի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան գագաթաժողովի արդիւնքներուն եւ անոր շրջանակներուն մէջ ստորագրուած ուաշինկթընեան համատեղ հռչակագրին վրայ։

Քննարկումները կեդրոնացած եղած են երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հետագայ ամրապնդման ուղղուած գործնական քայլերու վրայ, այդ շարքին՝ փոխադրութեան եւ տարանցիկ կապերու զարգացման, տնտեսական ու առեւտրային յարաբերութիւններու, սահմաններու սահմանազատման, ինչպէս նաեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման շուրջ։ Այս ծիրին մէջ ղեկավարները քննարկած են «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (ԹՐԻՓՓ) զարգացման ընթացքը, այդ շարքին՝ անոր երկաթուղային եւ ճանապարհային բաղադրիչներու ծրագրաւորումն ու նախագծումը, ինչպէս ԹՐԻՓՓ-ի երթուղիով տարանցիկ կապերու հեռանկարները։

Որպէս դրական զարգացում նշուած է Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն ապրանքներու տարանցումը։ Անցեալ տարուայ Նոյեմբերէն իվեր Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր առմամբ 105 հազար թոն բեռ։

Կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական ու առեւտրային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հնարաւորութիւններուն, այդ շարքին՝ ելեկտրուժի ցանցերու յառաջիկայ փոխկապակցման շուրջ։

Ղեկավարները ընդգծած են շրջակայ միջավայրի եւ անդրսահմանային ջրային միջոցներու ոլորտին մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ ողջունած անդրսահմանային գետերու կառավարման հարցերով աշխատանքային խումբերու ստեղծումը։

Ղեկավարները վերահաստատած են խաղաղութեան գործընթացին մէջ դրական շարժի պահպանման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման ամրապնդման ուղղուած երկխօսութեան շարունակման կարեւորութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment