Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Հասանելիութիւնը ՀԱՊԿ-ի՝ Փակ Բնոյթ Կրող Փաստաթուղթերուն Կրնայ Սահմանափակուիլ. Ռիժենքով

Հայաստանի Հասանելիութիւնը ՀԱՊԿ-ի՝ Փակ Բնոյթ Կրող Փաստաթուղթերուն Կրնայ Սահմանափակուիլ. Ռիժենքով

by MassisPost

Մոսկուայի մէջ կայացած Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովի մասնակիցները որոշում կայացուցած են զրկել Հայաստանը կազմակերպութեան մէջ ձայնի իրաւունքէն, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ պատասխանատու պաշտօններու մէջ իր ներկայացուցիչները նշանակելու հնարաւորութենէն։ Այս մասին յայտնած է Պելառուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Մաքսիմ Ռիժենքով։

Անոր խօսքով՝ ՀԱՊԿ անդամ երկիրները նպատակայարմար կը համարեն նաեւ սահմանափակել Հայաստանի հասանելիութիւնը կազմակերպութեան գաղտնի փաստաթուղթերուն։

Յիշեցնենք, որ 2024 թուականին Հայաստանը յայտարարած էր ՀԱՊԿ-ի մէջ իր մասնակցութիւնը սառեցնելու մասին։ Անկէ յետոյ Երեւանը դադրեցուցած էր նաեւ կազմակերպութեան անդամավճարներու վճարումը։

Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի՝ ՀԱՊԿ-ին անդամակցութիւնը պաշտօնապէս դադրեցուած չէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment