Հայաստանը աշխուժօրէն եւ սերտօրէն համագործակցութիւն սկսած է Եւրոպական Միութեան հետ խառնածին սպառնալիքներու դէմ պայքարի ուղղութեամբ:
Այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Նոյեմբեր 10-ին՛ Փարիզի Խաղաղութեան 9-րդ համաժողովի շրջանակին մէջ կազմակերպուած «Չնահանջելով. ինքնիշխանութիւնը խառնածին սպառնալիքներու դարաշրջանին» քննարկման ժամանակ:
Անդրադառնալով ապատեղեկատուութեան թեմային՝ ան նշած է, որ այն կանխելու համար թափանցիկութիւնը կրնայ շատ յուսալի գործիք ըլլալ, քանի որ բաց հասարակութիւններուն մէջ երբ տեղեկատուութիւնը հասանելի է, շատ աւելի դժուար է ապատեղեկատուութիւն պարտադրել։
«Իհարկէ, թափանցիկութեան հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրներ եւ կողմնակի հետեւանքներ կան։ Շատ հեշտ է բանաձեւը ձեւակերպել, սակայն կիրառման փուլում բազմաթիւ խնդիրներ են առաջանում։ Ինչ վերաբերում է ընդհանուր առմամբ համացանցային անվտանգութեանը, ապա անոր գործիքներն ու համակարգերը պէտք է կառուցել եւ շարունակաբար զարգացնել, քանի որ ակնյայտ է, որ ապատեղեկատուութեան եւ խառնածին սպառնալիքների գործիքները զարգանում են շատ աւելի արագ, քան մենք ակնկալում էինք»,- շեշտած է Փաշինեան:
Ըստ անոր՝ այդ պարագային միջազգային համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է, քանի որ փորձի փոխանակումը, կարողութիւններն ու գիտելիքը չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունին։ «Եթէ ինչ-որ բան ինչ-որ տեղ արդէն պատահել է, ապա այն այլ վայրերում էլ հաստատ տեղի կ’ունենայ։ Պէտք է նախապէս տեղեկացուած լինել, եւ ըստ իս՝ դա կ’օգնի պատրաստ լինել համանման տարբեր իրավիճակների: Ես կարծում եմ՝ որպէս տարբերակ, որպէս գաղափար կարելի է ստեղծել որոշակի ընդհանուր տեղեկատուական դաշտ, որտեղ հնարաւոր կը լինի միմեանց հետ փոխանակել տեղի ունեցածի մասին տեղեկութիւններ, քննարկել, թէ արդեօք յաջողուել է կառավարել իրավիճակը, իսկ եթէ յաջողուել է, ապա ինչպէ՞ս։ Դա կարող է օգտակար լինել բոլոր մասնակիցների եւ բոլոր երկրների համար»,- ըսած է ան:
Քննարկման մասնակցած են նաեւ Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետան եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ նախագահ Կորտանա Սիլեանովսքա-Տավքովան:

