Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Պատրաստ Է Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

ԵՄ-ն Պատրաստ Է Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

by MassisPost

Եւրոպական շարք մը երկիրներու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան ղեկավարները Տապլինի մէջ ընթացող Եւրոպական քաղաքական համայնքի 9-րդ գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ համատեղ յայտարարութիւն ընդունած են՝ աջակցութիւն յայտնելով Հայաստանին։ Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Եւրոպական Խորհուրդի կայքին վրայ։

«Ֆրանսայի, Լաթվիայի, Լիթուանիոյ, Էսթոնիոյ, Լեհաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահը, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահը եւ Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչը Տապլինի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի շրջանակին մէջ հանդիպած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Գերմանիոյ, Նորվեկիոյ, Լեհաստանի, Հոլանտայի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին եւ Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահին հետ միասին անոնք հանդէս եկած են հետեւեալ յայտարարութեամբ.

Մենք կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, կայունութեան, անկախութեանն ու դիմակայունութեան:

Հինգ ամիս առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Չնայած Ռուսաստանի բազմաբնոյթ միջամտութիւններուն՝ ամոնք հնարաւորութիւն տուին հայ ժողովուրդին յստակ ընտրութիւն կատարելու յօգուտ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ Եւրոպայի հետ սերտ կապերու։

Այդ ժամանակէն իվեր Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ գործադրուող ուղղակի քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումները շարունակաբար կ’ուժեղանաեն։ Ռուսաստանը Հայաստանի արտահանման նկատմամբ աննախադէպ սահմանափակումներ կիրառած է եւ այժմ կը սպառնայ ուժանիւթակիրներու մատակարարումները որպէս ահաբեկման միջոց օգտագործել։

Ի պատասխան՝ մենք քայլեր կը ձեռնարկենք՝ հնարաւորութիւն տալու Հայաստանին պաշտպանելու իր ինքնիշխանութիւնը եւ ազատօրէն ընտրելու սեփական ապագան։

Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանին տնտեսական գործընկերութիւններու բազմազանեցման հարցով, մասնաւորապէս առեւտուրի եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ՝ հիմնուելով Եւրոմիութեան որոշման վրայ, որով կասեցուած են դէպի ԵՄ արտահանուող հայկական ապրանքներու 80 տոկոսի նկատմամբ մաքսատուրքերը։

Մենք կը ճանչնանք հայ ժողովուրդի եւրոպական ձգտումները եւ պիտի շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի ջանքերուն՝ կառուցելու կենսունակ ու դիմակայուն ժողովրդավարութիւն, ինչպէս նաեւ զարգացնելու բարեկեցիկ տնտեսութիւն, որ լիարժէքօրէն համարկուած պիտի ըլլայ տարածաշրջանային հաղորդակցային ցանցերուն եւ միջազգային առեւտրային հոսքերուն։

Մենք նաեւ կ’աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին եւ 2025 թուականի Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումէն իվեր արձանագրուած նշանակալի յառաջընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

Մենք կը խրախուսենք այդ ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու գործադրումը՝ ի շահ հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment