Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Fredoom House. Հայաստանը կը Համարուի Ազատ Համացանց Ունեցող Երկիր

Fredoom House. Հայաստանը կը Համարուի Ազատ Համացանց Ունեցող Երկիր

by MassisPost

Fredoom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է աշխարհի մէջ համացանցի ազատութեան 2016-ի զեկոյցը, որուն մէջ Հայաստանը 30 միաւորով կը համարուի ազատ համացանց ունեցող երկիր:

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հետազօտութիւնը կայացուցած է 2015-ի յունիսէն՝ աշխարհի 65 երկիրներու մէջ։ Երկիրներու ազատութիւնը համացանցի վրայ գնահատուած է 100 միաւորանոց սանդղակով: 0-30 միաւոր ստացած երկիրները կը համարուին համացանցի ազատութիւն ունեցող երկիրներ, 31-60 միաւոր ստացած երկիրներուն մէջ համացանցի ազատութիւնը մասնակի է, իսկ 61-100 միաւոր ստացած երկիրները կը համարուին համացանցի ազատութիւն չունեցող երկիրներ:

2015-ի համեմատ Հայաստանի ցուցանիշը նուազած է 2 միաւորով, որուն պատճառը Երեւանի ցոյցերու ուղիղ հեռարձակման ժամանակ ոստիկանութեան կողմէ տեղի ունեցած յարձակումներն են լրագրողներու վրայ։

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Հայաստանի մէջ ճնշումներ կը գործադրուին  ինչպէս հեռուստատեսութեան, տպագիր մամուլի, այնպէս ալ առցանց մետիայի նկատմամբ։ Իրաւապաշտպանները կ′ահազանգեն, որ այս ամէնը կրնայ ազդել երկրին մէջ խօսքի ազատութեան վրայ։

Fredoom House-ը կը նշէ նաեւ, որ 2015-ին Ատրպէյճանի կողմէ ցանցահենային յարձակման ենթարկուած են շարք մը հայկական կայքեր, այդ կարգին՝ կառավարական։

Զեկոյցը նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան, որ ընդունուած է՝ 6 դեկտեմբեր 2015-ին, ուր նշուած է, որ այն կը շարունակէ երաշխաւորել խօսքի ազատութիւնը երկրին մէջ։

Նշենք, որ տարածաշրջանի երկիրներէն ազատ համացանց ունեցող երկիրներու շարքին է միայն Վրաստանը (25 միաւոր): Ուշագրաւ է, որ Ատրպէյճանը (57 միաւոր) համարուած է մասնակի ազատ համացանց ունեցող երկիր, իսկ Թուրքիան (61 միաւոր), Իրանը (87 միաւոր) եւ Ռուսաստանը (65 միաւոր) դասուած են ոչ ազատ համացանց ունեցող երկիրներու շարքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment