«Ինթրֆաքս» գործակալութիւնը` հիմնուելով Հայաստանի կառավարութեան իր աղբիւրին՝ հաղորդագրութիւն մը յղած է, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Սէյրան Օհանեանը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի նշանակուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար։
«Յառաջիկային, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը պիտի ազատուի իր զբաղեցուցած պաշտօնէն: Ան կը նշանակուի ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար», – կը գրէ ռուսական գործակալութիւնը:
Վերջերս, Հայաստանի նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանը յայտարարած էր, որ կառավարութեան մէջ՝ լայնածաւալ փոփոխութիւններ կը սպասուին: Իսկ անկէ առաջ` ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիկոլայ Բորդիւժան ըսած էր, որ կազմակերպութեան նոր գլխաւոր քարտուղարը կը նշանակուի հոկտեմբեր 14-ին` Երեւանի, ՀԱՊԿ խորհուրդի նիստին, ու նոր քարտուղարը պիտի ըլլայ Հայաստանի ներկայացուցիչը:
Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը Հայաստանի ներկայացուցիչը պէտք է պարբերական կարգով ստանձնէր գոնէ տարի մը առաջ, սակայն անցեալ տարի ՀԱՊԿ խորհուրդի նիստին որոշուեցաւ տարի մը եւս երկարաձգել Բորդիւժայի պաշտօնավարման ժամկէտը:
ՀԱՊԿ կանոնակարգի համաձայն, Երեւանի մէջ, հոկտեմբեր 14-ին կայանալիք կազմակերպութեան խորհուրդի նիստին, ՀԱՊԿ անդամ բոլոր պետութիւններու ղեկավարները պէտք է հաստատեն Օհանեանի թեկնածութիւնը եւ հաստատելու պարագային, ան պաշտօնը կը ստանձնէ երեք տարի ժամկէտով: