Home Uncategorized Աշոտ Կարապետեան Համաձայն է Զինք Աշխատանքէն Ազատելու Որոշման Հետ

Աշոտ Կարապետեան Համաձայն է Զինք Աշխատանքէն Ազատելու Որոշման Հետ

by MassisPost

Երեւանի նախկին ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեան համաձայն է զինք աշխատանքէն ազատելու՝ Հայաստանի ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանի որոշման հետ։

Այսօր «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Կարապետեան ըսաւ, որ պատճառներու մասին խօսիլ չի ցանկար, բայց պատրաստ է ցանկացած հրաման կատարել։

«Ես, որպէս զինւորական, պատճառ չեմ ասում, եւ պատրաստ եմ ցանկացած հրաման, հրահանգ անելու, եւ ամէն հրաման էլ իրա տեղին է, իրատեսական է», – ըսաւ Երեւանի նախկին ոստիկանապետը։

Հարցին, թէ համաձա՞յն է այդ հրամանի հետ, Կարապետեան պատասխանեց. – «Իհարկէ համաձայն եմ»։ Պաշտօնանկութեան պատճառներու մասին Կարապետեան, սակայն, խորհուրդ տուաւ ոստիկանութեան լրատուական ծառայութենէն ճշդել։

Մէկ այլ հարցի, թէ արդեօ՞ք պատրաստ է վերադառնալ աշխոյժ աշխատանքի, Երեւանի նախկին ոստիկանապետը պատասխանեց. – «Ամէն ինչ որոշւում է, երբ որ կորոշւի, մի անհանգստացէք, ես քատրերի ռեզերւում եմ»։

Ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն աւելցնելու ոչինչ ունի։

Այսօր Երեւանի աւագանիի «Բարեւ Երեւան» խմբակցութիւնը յայտնեց, որ Սարի թաղի դէպքերուն համար կը պահանջէ Հայաստանի փոխոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեանին պաշտօնանկութիւնը։

Աշոտ Ահարոնեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ հրաժարականները պահանջելով չէ, եւ եթէ կրկին պաշտօնանկութիւններ կատարուին, հաղորդագրութիւն կը տարածեն։

Երէկ Ոստիկանութիւնը տեղեկացուց, որ Ոստիկանութեան մէջ ընթացող ծառայողական քննութիւններու արդիւնքներով, Վլադիմիր Գասպարեանի հրամաններով, ոստիկանութեան խումբ մը ծառայողներ, անոր կարգին՝ Աշոտ Կարապետեան, ենթարկուած են կարգապահական տոյժերու:

Հարցին, թէ այդ ծառայողական քննութիւններու շրջանակներուն մէջ արդեօ՞ք կը քննուին Լեւոն Երանոսեանի գործողութիւնները, Ահարոնեան չպատասխանեց։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment