Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպած է Գերմանիոյ Նախագահին Հետ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպած է Գերմանիոյ Նախագահին Հետ

by MassisPost

18 Հոկտեմբերին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Եւրոպայի մէջ Բարեփոխման 500-ամեայ յոբելեանի յիշատակութեան ծիրին մէջ իրականացուող պաշտօնական միջոցառումներու շրջագիծէն ներս, Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու պետերուն հետ պաշտօնական հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի հետ:

Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնած է Գերմանիոյ ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ հայ ժողովուրդին սատարելուն համար:

Karekin-Germany-2

Նոյն օրը Նորին Սրբութիւնը հանդիպած է Գերմանիոյ Հայոց թեմի Պերլինի հայ համայնքին հետ, Պերլինի Լուիզըն եկեղեցւոյ մէջ:

«Հրաշափառ»ի արարողութենէն ետք բարի գալուստի խօսքով Նորին Սրբութեան ողջունած է թեմի առաջնորդ, Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան պատրիարքական տեղապահ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեան, ապա հրաւիրած է Վեհափառ Հայրապետն իր հայրական օրհնութեան խօսքն ու պատգամն ուղղելու պերլինահայ հաւատացեալներուն:

Նորին Սրբութիւնն իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսած է. «Գոհունակութիւն եւ քաջալերութիւն է Մեզ համար, որ ամուր է ազգանուիրումի եւ եկեղեցասիրութեան ոգին Գերմանիայում բնակուող աստուածասէր մեր հաւատաւոր զաւակների: Ամենայն գնահատանքի է արժանի թեմի շինութեանն ու ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջընթացին ձեր բերած նպաստը, ինչպէս նաեւ նոր սերնդի հայեցի դաստիարակութեան կարեւոր գործի հանդէպ ձեր նախանձախնդրութիւնն ու հոգածութիւնը, ազգային ոգու փոխանցումը ձեր զաւակներին, ինչի վկայութիւնն է ձեր համախմբումը դարաւոր մեր Եկեղեցու շուրջ եւ աքթիւ մասնակցութիւնը ազգային-եկեղեցական կեանքին:

…Եկեղեցին դուք էք, սիրելի հաւատաւոր զաւակներ, հաւատաւոր ձեր կեանքով ու աստուածահաճոյ գործերով, առաքելական խօսքի համաձայն` «տաճար Հոգւոյն Սրբոյ» էք, անդամները Քրիստոսի խորհրդական մարմնի: Յիրաւի, մեր դարաւոր պատմութիւնը նման է Փրկչի երկրաւոր կեանքի ընթացքին: Եղել են չարչարանքներ, զրկանքներ ու փորձութիւններ, ցեղասպանութեան Գողգոթա, բայց Փրկչի հետ հաւատքի զօրութեամբ յարութիւն է առել մեր ժողովուրդը՝ կերտելով իր վերածնուած կեանքը: Այդ յաղթանակն է, որ այսօր երեւում է Գերմանիայի տիրախնամ թեմում արձանագրուած ձեռքբերումների մէջ, արտացոլուում եկեղեցանուէր ու ազգասէր ձեր կեանքի ընթացքներում»:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ջերմութեամբ վերյիշած է Գերմանիոյ Հայոց հովուութենէն ներս բերած իր ծառայութիւնը, Պերլինի մէջ մատուցած պատարագները, ինչպէս նաեւ այդ տարիներուն գերմանաբնակ հայորդիներու բարի աջակցութիւնը:

Ուրախութեամբ անդրադառնալով Գերմանիոյ հայ համայնքի ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ նկատուող դրական զարգացումներուն, առաջընթացին եւ նոր ձեռքբերումներուն, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատած է համայնքի անդամներու աստուածասիրութեան եւ հայրենասիրութեան ոգին ու անկէ ծնած բարի գործերը, յորդորելով մշտապէս զօրավիգ ու զօրակից կանգնիլ Հայրենիքին: Նորին Սրբութիւնն իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցած է նաեւ թեմակալ առաջնորդին, հոգեւոր դասին, թեմական, համայնքային վարչութիւններու անդամներուն, մաղթելով առաւել կորով ու եռանդ, Գերմանիոյ հայոց թեմի ազգային-եկեղեցական կեանքը նոր իրագործումներով հարստացնելու եւ համայնքին մէջ պայծառութիւն ու բարօրութիւն աւելցնելու համար:

Մայր Աթոռ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment