Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Նախկին Համանախագահները Կողմերուն Մօտ Փոխզիջումներու եւ Համաձայնութեան Կամք Չեն Տեսներ

ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Նախկին Համանախագահները Կողմերուն Մօտ Փոխզիջումներու եւ Համաձայնութեան Կամք Չեն Տեսներ

by MassisPost

Ղարաբաղեան խնդիրը սառեցուած չէ, աւելին, վերջին տասնամեակին կողմերու դիրքորոշումներն աւելի կարծրացած են, տարածաշրջան աւելի ռազմականացուած դարձած է, աճեցնելով պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը, երէկ ԱՄՆ Քոնկրէսի Հելսինկեան յանձնաժողովին մէջ յայտարարած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախկին համանախագահ Քերի Քաւանօ:

«Մտահոգութիւն կայ, որ ոչ միայն դիտաւորեալ, այլեւ պատահականօրէն իրականացուած քայլերը կրնան յանգեցնել ռազմական հակամարտութեան: Մեծ երեւակայութիւն հարկաւոր չէ, պատկերացնելու համար իրավիճակ մը, երբ շփման գիծի երկայնքով հնարաւոր զարգացումները հեշտութեամբ կրնան վերահսկողութենէ դուրս գալ, հաշուի առնելով կողմերուն մօտ զէնքի կուտակումներու աճը եւ շփման գիծի ու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով տեղակայուած զինատեսակներու որակական փոփոխութիւնները», – նշած է ան:

«Շփման գիծի վրայ իրավիճակի սրացման հաւանականութիւնը մեծցած է աւելի, քան երբեք», – իր հերթին յայտարարած է Քաւանոյէն ետք Մինսկի խումբ եկած Ճէյմս Ուորլիք, հաստատելով. – «Երբ ես 2013 թուականին ստանձնեցի համանախագահի պաշտօնը, իրավիճակը Շփման գիծի վրայ անկայուն էր եւ վտանգաւոր, եւ ցաւօք, անցեալ հինգ տարուան ընթացքին շատ քիչ բան փոխուած է»:

«Այն ժամանակ անհրաժեշտ էր լուծել դիպուկահարներու հարցը, որոնք, հակառակ հրադադարի մասին համաձայնագիրին, կանոնաւոր կերպով կը կրակէին շփման գիծի երկայնքով, որուն հետեւանքով զոհեր ու վիրաւորներ կ’իյնային», – յիշել տուած է նախկին համանախագահը, շարունակելով.- «Այսօր շփման գիծի երկայնքով տեղակայուած է ծանր զինտեխնիկա, այդ թուին՝ ականանետեր, նռնականետեր եւ հրետանի: Անոնց կիրառման հետեւանքով աճած է զոհերու թիւը, այդ թուին՝ խաղաղ բնակչութեան շրջանին: Սխալելու եւ իրավիճակի սրացման հասնելու հաւանականութիւնը մեծցած է աւելի, քան երբեք: Մենք պէտք է կրկնապատկենք ջանքերը, յարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար»:

«Թէեւ մենք չենք գիտեր Ժնեւի մէջ կայացած վերջին երկխօսութեան մանրամասները, սակայն տպաւորութիւնն այն է, որ այնտեղ այս հանգրուանին քաղաքական կամքը բացակայած է, կարգաւորման ուղղութեամբ առաջընթաց արձանագրելու համար: Անշուշտ, մենք կ’ողջունենք նման դէմ առ դէմ հանդիպումները, սակայն պէտք է նշենք, որ առանց առաջընթացի եւ բովանդակալից քննարկումներու, անոնք կրնան հիասթափութիւն առաջացնել», – յայտնած է Ուորլիք:

«Եթէ կողմերն անկարող են վստահութիւնն ամրապնդող քայլեր ձեռնարկել, հաւանաբար պէտք է պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերել այլոց միջեւ», – առաջարկած է Քերի Քաւանօ, մանրամասնելով, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա կրնան պարտաւորուիլ չմիջամտելու զարգացումներուն, երբ իրավիճակը դուրս գայ վերահսկողութենէ, Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիա նոյնպէս կրնան պայմանաւորուիլ եւ իրենց յատուկ ծառայութիւններու տուեալները փոխանակել տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment