Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զարուհի Փոսթանճեանի Մասնակցութեամբ Տեղի Ունեցած Միջադէպի Փաստով Յարուցուած է Երկու Քրէական Գործ

Զարուհի Փոսթանճեանի Մասնակցութեամբ Տեղի Ունեցած Միջադէպի Փաստով Յարուցուած է Երկու Քրէական Գործ

by MassisPost

14 Մայիսին Տարօն Մարգարեանի նախընտրական շտաբին մէջ տեղի ունեցած միջադէպի կապակցութեամբ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան մօտ յարուցուած են երկու քրէական գործեր՝ պաշտօնական լիազօրութիւնները անցնելու, ինչպէս նաեւ ընտրական իրաւունքի իրականացման, ընտրական յանձնաժողովներու աշխատանքներուն կամ ընտրութեան մասնակցող անձերու լիազօրութիւններու իրականացման խոչընդոտելու յօդուածներով:

ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նշուած երկու քրէական գործերը միացուած են եւ կը քննուին մէկ վարոյթի մէջ:

Յիշեցնենք՝ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու օրը՝ 14 Մայիսին, ԱԺ պատգամաւոր, «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան առաջնորդ, Երեւանի քաղաքապետի ընդդիմադիր թեկնածու Զարուհի Փոսթանճեանը ընտրակաշառքի ցուցակներու առկայութեան մասին ահազանգի հետքերով դուստրին հետ այցելած էր գործող քաղաքապետ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան քաղաքապետի թեկնածու Տարօն Մարգարեանի Աւան վարչական շրջանի շտաբ եւ պահանջած էր ցոյց տալ ցուցակները, սակայն հանդիպած էր շտաբի աշխատակիցներու դիմադրութեան:

Միջամտած էր ոստիկանութիւնը, եւ հակառակ Փոսթանճեանի պահանջին՝ իր եւ լրագրողներու ներկայութեամբ ստուգելու յանցագործութեան մասին տեղեկութիւնները, քաղաքապետի թեկնածուին եւ անոր դուստրին ուժով հեռացուցած էր շտաբէն: Ընդ որում, միջադէպի ընթացքին թէ՛ «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան առաջնորդը, թէ՛ անոր դուստրը՝ Լիլիթ Դրամփեանը, վնասուածքներ ստացած էին: Փոսթանճեանը եւ անոր դուստրը արդէն երրորդ օրն է՝ հիւանդանոցն են:

Իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը միջադէպի առնչութեամբ տարածած յայտարարութեան մէջ տեղի ունեցածը գնահատած էր որպէս ՀՀԿ շտաբներու բնականոն գործունէութիւնը խոչընդոտելու փորձ եւ դատապարտած «բանսարկութիւններու, ցուցադրական ակցիաներու միջոցով ընտրական գործընթացը ստուերելու փորձերը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment