Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Մարքօ Ռուպիօն Եւ Ճէյհուն Պայրամովը Քննարկած Են Հայաստան-Ատրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

Մարքօ Ռուպիօն Եւ Ճէյհուն Պայրամովը Քննարկած Են Հայաստան-Ատրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը հեռախօսազրոյց ունեցած են, որուն ընթացքին քննարկուած է Ատրպէյճանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ երկկողմ ռազմավարական գործընկերութեան ներկայ վիճակը եւ զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։

Ըստ ատրպէյճանական կողմին՝ զրուցակիցները անդրադարձած են 2025 թուականի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած գագաթաժողովէն յետոյ երկկողմ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացին։

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի հաղորդմամբ՝ Պայրամով Ռուպիոյին ներկայացուցած է խաղաղութեան օրակարգի յառաջմղման, վստահութեան ձեւաւորման եւ տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ Ատրպէյճանի քայլերը։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment