Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՌԴ-ի Հետ Պայմանագիրը Խզելը Ընդունելի Չէ Մեզի Համար․ Փաշինեան՝ Երկաթուղիի Կառավարման Մասին

ՌԴ-ի Հետ Պայմանագիրը Խզելը Ընդունելի Չէ Մեզի Համար․ Փաշինեան՝ Երկաթուղիի Կառավարման Մասին

by MassisPost

Հայկական երկաթուղիի կառավարման շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանը Ռուսաստանի հետ կը ձգտի բացառապէս բարեկամական եւ փոխադարձ ըմբռնման վրայ հիմնուած լուծման՝ բացառելով միակողմանի կտրուկ քայլերն ու պայմանագրի միակողմանի խզումը: Օգոստոս 12-ին կառավարութեան ճեպազրոյցին այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Հայեցակարգային մակարդակով նայում ենք ի՞նչ տարբերակներ կան։ Տարբերակ մէկ՝ ուղղակի պայմանագիրը խզել, դա ընդունելի չէ մեզ համար, որովհետեւ բարեկամական չէ։ Իսկ մենք ուզում ենք բարեկամական լուծում, որ Ռուսաստանի
մէր գործընկերները թոյլտուութեան իրաւունքը վաճառեն երրորդ կողմին շուկայական գնով»,- ըսած է վարչապետը։

2008-ին ռուսական պետական «Ռոսիյսկիէ ժելեզնիէ դորոգի» (ՌԺԴ) ընկերութեան հետ կնքած պայմանագրով Հայաստանի կառավարութիւնը իր երկաթուղային ցանցը 30 տարիով յանձնած է ՌԺԴ-ի հաւատարմագրային կառավարման՝ եւս 10 տարի
երկարաձգման իրաւունքով:

Վարչապետը ընդգծած է, որ հիմնական խնդիրը Ռուսաստանի հետ չէ, այլ այն իրավիճակին, որ երկաթուղին կը գտնուի ռուսական թոյլտուութեան ներքոյ, ինչի հետեւանքով միջազգային լոկիսթիկ ծառայութիւններու հիմնական օգտագործողներն
ու ֆինանսաւորողները կը խուսափին այդ հատուածին մէջ ներդրումային հետաքրքրութիւն ցուցաբերելէ։ Հետեւաբար, Հայաստանը կրնայ կորսնցնել միջազգային փոխադրութեան ցանցին համարկուելու պատմական հնարաւորութիւնը։

«Մեր խնդիրը Ռուսաստանի հետ չի, մեր խնդիրը այն իրավիճակի մէջ է, որ մենք հերթական անգամ կարող է բաց թողնենք պատմական հնարաւորութիւնը համարկուել միջազգային փխադրութեան ցանցին։ Այս է խնդիրը, մենք ռուսական թոյլտուութեան հետ ոչ մի խնդիր չունենք»,- յստակացուցած է վարչապետը։

Որպէս հնարաւոր բարեկամական լուծումներ՝ Փաշինեան նած է, որ ռուսական գործընկերներուն հետ կը քննարկուին թոյլտուութեան իրաւունքի վաճառքը երրորդ կողմին շուկայական գինով, բաժնետոմսերու մասնակի վերաբաշխման կամ
ենթակառուցուածքի ու շահագործման ձեւերու տարանջատման տարբերակները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment