Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան Ալմաթիի մէջ, Օգոստոս 13-ին, հանդիպած է ՌԴ գիւղատնտեսութեան նախարար Օքսանա Լութի հետ:
Քննարկուած են գիւղատնտեսական-արդիւնաբերական համալիրի ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր։
Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի տնտեսվարողներու կողմէ ՌԴ տարածք արտադրանքի մատակարարման եւ Ռուսաստանի տարածքով այլ երկիրներ տարանցման ընթացքին առկայ սահմանափակումներու վերացման, ինչպէս նաեւ յաւելեալ վերահսկողական միջոցներու կիրառման։
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է աշխուժացնելու ՀՀ սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինի եւ ՌԴ «Ռոսսելխոզնադզօրի» միջեւ համագործակցութիւնը։
Նախարար Պապոյեան ընդգծած է, որ առկայ հարցերու շուրջ կառուցողական երկխօսութիւնն ու փոխադարձ լուծումներու որոնումը կարեւոր նշանակութիւն ունին երկու երկիրներու տնտեսական համագործակցութեան հետագայ զարգացման համար։
Կողմերը միտքեր փոխանակած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։
Ռուսաստանը Հայաստանի նկատմամբ սկսած է կիրառել տնտեսական ճնշումներ՝ հերթով սահմանափակելով հայկական ապրանքներու մուտքը իր շուկայ եւ իր տարածքով ԵԱՏՄ միւս երկիրներ։ Սահմանափակումները սկսան Երեւանի մէջ Եւրոպական համայնքի ու ԵՄ գագաթաժողովներու կայացումէն յետոյ։

