Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նեղ Կազմով Նիստին Քննարկուած Են ԵԱՏՄ Շրջանակներուն Մէջ Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նեղ Կազմով Նիստին Քննարկուած Են ԵԱՏՄ Շրջանակներուն Մէջ Համագործակցութեան Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Չօլպոն-Աթայի մէջ մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին:

Վարչապետներուն դիմաւորած է Ղրղզստանի նախարարաց խորհուրդի նախագահ Ատիլբեկ Քասիմալիեւը, որմէ յետոյ տեղի ունեցած է համատեղ տեսալուսանկարահանման արարողութիւնը:

Նիստին սկիզբը Ատիլբեկ Քասիմալիեւ ողջունած է ներկաները եւ շնորհաւորած Նիկոլ Փաշինեանը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակին եւ ՀՀ վարչապետի պաշտօնին վերանշանակվելու առիթով:

Յաջորդիւ նիստի ընթացքին քննարկուած են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան շրջանակին մէջ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment