Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Չօլպոն-Աթայի մէջ մասնակցած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին:
Վարչապետներուն դիմաւորած է Ղրղզստանի նախարարաց խորհուրդի նախագահ Ատիլբեկ Քասիմալիեւը, որմէ յետոյ տեղի ունեցած է համատեղ տեսալուսանկարահանման արարողութիւնը:
Նիստին սկիզբը Ատիլբեկ Քասիմալիեւ ողջունած է ներկաները եւ շնորհաւորած Նիկոլ Փաշինեանը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակին եւ ՀՀ վարչապետի պաշտօնին վերանշանակվելու առիթով:
Յաջորդիւ նիստի ընթացքին քննարկուած են Եւրասիական Տնտեսական Միութեան շրջանակին մէջ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

