Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը 2026 թուականին նախորդ տարուայ համեմատ կտրուկ նուազած է, եւ այդ միտումը պիտի շարունակուի։ Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։
Անոր խօսքով՝ 2024 թուականին երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը հասած է մրցանշային՝ շուրջ 12 միլիառ տոլարի։ 2025 թուականին այն նուազած է մինչեւ մօտ 8 միլիառ տոլար, իսկ 2026 թուականին, ըստ Օվերչուքի, գրանցուած է շուրջ երկու երրորդի չափով անկում։
«Այն իրավիճակը, որ կը զարգանայ ԵԱՏՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ, կանխատեսելի էր։ Վերջին երեք-չորս տարուայ ընթացքին մենք մեր հայ գործընկերներուն կ’ըէինք, որ նման վտանգներ կան, մասնաւորապէս՝ առեւտրաշրջանառութեան նուազման վտանգը»,- նշած է Օվերչուք։
Ան առեւտրաշրջանառութեան անկումը կապած է Հայաստանի եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) միջեւ յարաբերութիւններուն շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հետ՝ ընդգծելով, որ Մոսկուան նախապէս եւս զգուշացուցած էր նման զարգացման հնարաւորութեան մասին։

